Արտեմ Փաթափութեան՝ ԳԱԱի Պատուաւոր Անդամ Եւ ԵՊԲՀի Պատուաւոր Դոկտոր
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆեսէօր Արտեմ Փաթափութեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ընդհանուր ժողովի 9 Յունիսի որոշումով ընտրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ:
Փաթափութեան 14 Յունիսին այցելեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ուղեղի հիմնարար հետազօտութիւններու գիտակրթական «Քոբրէյն» կեդրոնը, ուր գիտնականը տնկեց այն բոյսի հատիկը, որմէ ստացած է յայտնի մասնիկը: Տեղի ունեցաւ նաեւ Գիտական խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին գիտնականը ընտրուեցաւ բժշկական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր:
Կեդրոնին մէջ շրջագայելէ ետք, Փաթափութեան ԵՊԲՀի կարմիր դահլիճին մէջ հանդէս եկաւ «How do you feel? The molecules that sense touch» նիւթով դասախօսութեամբ:
«Հայաստան գտնուելուս պատճառներէն մէկը այն է, որ նաեւ ծանօթանամ Հայաստանի գիտութեան ոլորտին մէջ զարգացումներուն. կ՛ակնկալեմ նոր համագործակցութեան հիմքը դնել: Կառավարութիւնը կը փորձէ աւելցնել ֆինանսաւորումը` գիտութեան եւ հետազօտութեան յատկացուած, ինչ որ ոլորտի զարգացման համար առաջին կարեւոր քայլերէն է: Կը յուսամ, որ երիտասարդ ուսանողները, տեսնելով իմ օրինակը՝ կը ձգտին աւելի լաւ արդիւնքներու», յայտնեց ան:
Այցելութեան ծիրին մէջ, «Հայ Փոստ» ընկերութիւնը հրապարակեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ նոր դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Արտեմ Փաթափութեան» նիթին: 350 դրամ արժէքով դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է յայտնի լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանը, որ 2021ին Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ընթացքին կատարած բացայայտումներուն համար: Դրոշմաթուղթին աջ կողմը ներկայացուած է անոր շնորհուած Նոպէլեան մրցանակին պատկերը:
Դրոշմաթուղթի հրապարակման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 14 Յունիսին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: