Արցախի Նուիրուած Հրայր Խաչերեանի Լուսանկարներու Հատորը Պիտի Ներկայացուի Ֆրեզնոյի Մէջ


ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, յայտնի լուսանկարող Հրայր «Բազէ» Խաչերեան Ուրբաթ, 3 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ Արցախի նուիրուած լուսանկարներու իր նոր հատորը՝ Artsakh: The Photographer’s Eye!-ը։
Լիբանան ծնած, իսկ այժմ գանատաբնակ Խաչերեան 1992էն ի վեր լուսանկարած է Արցախի տարբեր շրջանները, «որսալով» իւրայատուկ պատկերներ։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ: Ինքնաշարժները կարելի է անվճար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, գաղտնաթիւ մը ստանալով Հայագիտական ծրագիրէն։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է։
Ներկայացումը նաեւ ուղղակի պիտի սփռուի առցանց՝ կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: