«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նախաձեռնութեամբ՝ Թարգմանիչներու Եւ Հրատարակիչներու Բաց Մրցոյթ
Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը 2023ի աւարտին մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» նախագիծին երկրորդ փուլը, որուն նպատակն է՝ մարդկային ուսմանց եւ հասարակական գիտութիւններու արդի համաշխարհային գրականութիւնը հասանելի դարձնել հայերէնով։
Կազմուած էր վերնագիրներու երկար ցանկ մը խորհրդատու յանձնախումբի անդամներուն, առաջին փուլին թարգմանիչներուն, խմբագիրներուն եւ հրատարակիչներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համալսարանական համապատասխան բաժանմունքներու դասախօսներու եւ տնօրէններու առաջարկներուն հիման վրայ: Առաջարկուած 72 վերնագիրներէն տասը գիրքեր ընտրուեցան նախագիծի խորհրդատու մարմինին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ: Հիմնարկութիւնը հաստատեց խորհրդատու յանձնախումբին առաջարկները եւ հետեւաբար պիտի հովանաւորէ այդ տասը գրքերուն հայերէն թարգմանութիւնները:
Թարգմանելի նոր գիրքերուն վերնագիրներն են՝
– Benedict Anderson, Imagined Communities: Reflections on the Origin and Spread of Nationalism
– John Rawls, A Theory of Justice
– Gayatri Chakravorty Spivak, A Critique of Postcolonial Reason: Toward a History of the Vanishing Present
– Lawrence Venuti, The Translator’s Invisibility: A History of Translation
– Jacques Le Goff, La civilisation de l’Occident médiéval
– Ludwig Wittgenstein, Logisch-Philosophische Abhandlung / Philosophische Untersuchungen
– Carlo Ginzburg, Il formaggio e i vermi
– William James, Pragmatism
– Terry Eagleton, Marxism and Literary Criticism
– Edgar Wind, Art and Anarchy.
Նաեւ, Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ նախագիծը համակարգող «ԱՐԻ գրականութեան հիմնադրամ»ը մեկնարկեցին երկու բաց մրցոյթներ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար։
Թարգմանութեան ընդհանուր պայմաններն են՝
– Դիմումները կրնան ըլլալ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն թարգմանութեան համար.
– Բոլոր թարգմանութիւնները պէտք է ըլլան բնագիր լեզուներէն.
– Իւրաքանչիւր թարգմանիչ մէկ գիրքի թարգմանութեան դիմում կրնայ ներկայացնել։
Թարգմանութեան դիմումի փաստաթուղթեր՝
– Բացատրական նամակ՝ նշելով գիրքի ընտրութեան պատճառները եւ զայն թարգմանելու կարողութիւնները.
– Սեղմակենսագրական եւ թարգմանական աշխատանքային փորձառութիւն.
– Ընտրուած գիրքէն թարգմանական նմուշ մը(5էն 7 էջեր)։
Հրատարակիչներուն վերաբերող ընդհանուր պայմաններն են՝
– Հրատարակիչները կրնան մէկէ աւելի գիրք հրատարակելու դիմում ներկայացնել.
– Հրատարակիչները պէտք է կարենան ընդհանուր ծախսերը ամբողջութեամբ կամ մասամբ հոգալ։
Հրատարակիչներու դիմումի փաստաթուղթեր՝
– Բացատրական նամակ՝ գիրքի կամ գիրքերու ընտրութեան պատճառները նշելով.
– Հրատարակութեան ցրւումի եւ ծանուցումի արշաւ։
Հետաքրքրուող թարգմանիչները եւ հրատարակիչները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն հետեւեալ ե-նամակի հասցէին՝ info@ariliterature.org. յաւելեալ հարցումներու պարագային, կարելի է հեռաձայնել +374 99 05 11 12 թիւին։
Բոլոր դիմումներուն վերջնաժամկէտը՝ 1 Մարտ 2024ն է։