«Գարուն ա…». Տեսաֆիլմ 44-օրեայ պատերազմին մասին
Մարտ 1-ին հանրութեան պիտի ներկայացուի բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեանի «Գարուն ա…» ժապաւէնը, որուն գլխաւոր արտադրողներն են Ալեքսանդր Խաչատրեան եւ Տիանա Աւետիսեան: Ժապաւէնին նիւթը հեղինակած է Յարութիւն Ղուկասեան, նկարահանն է Սուրէն Թադէոսեան, իսկ երգահանը՝ Արման Էլբերտ: Խմբագրումը կատարած է Միքայէլ Թորգոմեան, իսկ երկրորդ նկարահանը՝ Տիգրան Ասատուրով:
Շարժանկարին գլխաւոր հերոսները երեքն են՝ պապ, որդի, թոռ: Երեք սերունդ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արտացոլացնէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը: Պապը՝ Արամը, մասնագէտ զինուորական է, նախկին գնդապետ, ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման գործին: Որդին՝ Գնէլը, առեւտրական է, ցարդ չէ ներած հօրը՝ հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար: Թոռը՝ Լեւոնը, երաժիշտ է: Ան կ՚ոգեշնչուի իր պապիկին գաղափարախօսութեամբ: Սակայն հերոսին կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին իրարու՝ ստեղծելով ժապաւէնին հիմնական հանգոյցը…
Անսպասելի պատերազմը Հայաստանի մէջ կը խանգարէ երեք սերունդներուն անդորրը: ժապաւէնին ընթացքին դիտողը ականատես կ՚ըլլայ ամբողջ ազգի մը ողբերգութեան՝ ընտանիքի մը պատմութեան միջոցով…
Շարժանկարի դերակատարներն են՝ Ալեքսանդր Խաչատրեան, Լեւոն Հախվերտեան, Արմէն Մարգարեան, Մարջան Աւետիսեան, Եւա Զօհրապեան, Շանթ Յովհաննիսեան, Ալիս Կապլանջեան, Վահագն Մարտիրոսեան, Սաթենիկ Հազարեան, Նարինէ Պետրոսեան, Թումաճ Տանեշ Պեհզատի եւ ուրիշներ:
«Ժապաւէնին ստեղծման գաղափարը յառաջացած է Ալեքսանդր Խաչատրեանին մօտ վեց տարի առաջ՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի իրադարձութիւններու ընթացքին: Այդ ժամանակ բոլորս առաջին անգամ ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ ազգը ոտքի կանգնած եւ համախմբուած է բարդ իրավիճակներու առջեւ: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները մեզի ստիպեցին անդրադառնալ այս նիւթին: Ժապաւէնին մէջ կոչ կը կատարուի լրջօրէն խորհելու պետական մտածողութեան, պետութեան պահպանման, ազգային գաղափարախօսութեան ստեղծման մասին, որուն մէջ իւրաքանչիւրին դերը առաւել քան կարեւոր է», նշեցին ժապաւէնին հեղինակները՝ առանձնայատուկ շեշտելով, որ ժապաւէնը շատ արդիական եւ կարեւոր է մեր օրերուն համար, որովհետեւ մեր իրականութեան արտացոլացումն է:
Միւս կողմէ, շարժանկարը «Aratta Production»ի, «Vision Studio»ի, «Phoenix Art Foundation»ի միացեալ արտադրութիւնն է եւ նկարահանուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «ArLeAM»ի աջակցութեամբ:
«Գարուն ա…» ֆիլմը պիտի ցուցադրուի գարնան առաջին օրը:
Նիւթը՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն: