Գիրք նուիրելու օրը՝ տօն Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս
Փետրուար 19-ը՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը նշուի որպէս «Գիրք նուիրելու օր»:
Այս առթիւ, այս տարի եւս Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս շաբաթը տօնական էր. 18-էն 26 Փետրուար՝ 7 օրերու ընթացքին գիւմրեցի եւ ընդհանրապէս Շիրակի մարզի երեխաներուն համար հարազատ գրադարանի ջերմ յարկին տակ իրականացուեցան բազմաբովանդակ ծրագրեր եւ միջոցառումներ:
Տեղի ունեցան հանդիպումներ, շրջայց գրադարանի բոլոր բաժիններով, գիրքի նուիրատուութիւններ, ցուցադրութիւններ, խաղ-մրցոյթներ, հեքիաթապատումներ, ընթերցումներ, քննարկումներ, ասմունքներ,բեմադրութիւններ, երաժշտական ծրագրեր եւ այլն:
Միջոցառումներու շարքին ՀԳՄ Շիրակի մարզային բաժանմունքի անդամներոէ հետ հանդիպումը երրորդն էր: Այս ծիրէն ներս Մարզային գրադարանին իրենց գիրքերէն նուիրեցին հանդիպման մասնակից գրողներ՝ Մ. Մուրատեանը, Ռ. Եսայեանը եւ Ա. Ատոմը: Իրենց բանաստեղծութիւններն ընթերցեցին Ա. Կարապետեանը եւ բանաստեղծուհի Լ. Աղաջանեանը:
«Շիրակի մարզային գրադարան» ՊՈԱԿ-ը իր հերթին, աջակցելով մարզի սահմանամերձ գիւղական բնակավայրերու հանրակրթական դպրոցներուն գիրքեր նուիրելու ՀՀ Շիրակի մարզպետարանի նախաձեռնութեան` մարզպետարանին տրամադրեց 8 հատոր գիրք, իւրաքանչիւրէն 4 օրինակ` չորս գիւղերու դպրոցական գրադարաններու համար:
Միջոցառումներու ծիրէն ներս Շիրակի մարզային գրադարանը հիւրընկալեց «Աստեր մանկան զարգացման կեդրոն»ի երեխաները, «Գիւմրիի N 41 հիմնական դպրոց» ՊՈԱԿ-ի 9-րդ ,,ա,, դասարանի աշակերտները, Տնտեսագիտական վարժարանի 10-11-րդ դասարանցիներինը, Շիրակի մարզի «Երեխայի եւ ընտանիքի աջակցութեան կեդրոն»-ի երեխաները, Գիւմրիի տնտեսագիտական վարժարանի 7ա դասարանը, «Գիւմրիի թիւ 41 հիմնական դպրոց» ՊՈԱԿ-ի առաջին ,,բ,, դասարանի աշակերտները, Գիւմրիի թիւ 6 հիմանական դպրոցի 3-րդ դասարանի աշակերտները, Գիւմրիի թիւ 21 դպրոցի 4-րդ դասարանցիները, Գիւմրիի թիւ 6 հիմնական դպրոցի երրորդ ,,բ,, դասարանի աշակերտները եւ Գիւմրիի թիւ 6 հիմնական դպրոցի հինգերորդ ,,բ,, դասարանի աշակերտները, ուսուցիչներու եւ դասղեկներու ուղեկցութեամբ:
Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս թումանեանական միջոցառումներու խիստ յագեցած շաբաթը ամփոփուեցաւ Գիւմրիի թիւ 25 հիմնական դպրոցի երկրորդ ,,Ա,, դասարանի աշակերտներու «Հեքիաթների աշխարհում» խորագիրը կրող բաց-դաս միջոցառումով: