Գիւմրիի Երիտասարդական Պալատի Դահլիճին Մէջ Բացուեցաւ Սաղարթի «ՏԱՌԵՐԻ ՃԱԽՐԱՆՔ» Ցուցահանդէսը
Օրերս Գիւմրիի երիտասարդական պալատի դահլիճին մէջ բացուեցաւ լիբանանահայ նկարչուհի Արմէնուհի Սաղդասարեանը՝ Սաղարթի «ՏԱՌԵՐԻ ՃԱԽՐԱՆՔ» ցուցահանդէսը։
«Տառերի ճախրանք». այսպիսի վերտառութիւն ունի այն հրաշք ցուցահանդէսը, որ ներկայացուեցաւ գեղանկարչուհի Սաղարթի կողմէ։ Իւրաքանչիւր ազգ, երկիր ունի մեծ ճանաչում ոչ թէ իր տարածքներուն մեծութեամբ, այլ՝ մշակոյթով, մշակութային արժէքներով։ Առանց մշակոյթի ազգը չի համարուիր ազգ, եթէ չունի թէկուզ փոքրիկ կտոր մշակոյթէն։ Բայց Հայաստան աշխարհը միշտ կը զարմացնէ, կը զարմացնէ այնպիսի արուեստագէտներով, ինչպէս՝ տաղանդաւոր, իր արուեստին մէջ նոր խօսք բերող նկարչուհի Սաղարթը։
Անոր արուեստը մետաքսի վրայ բատիկ նկարչութեան արուեստն է։ Ոգեշնչումներուն հիմքը հայոց տառերն են, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին դարաւոր գոյութիւնը, անոր հոգեւոր ու նիւթական կեանքը։ Յիրաւի, այս աշխատանքներուն գունագեղումէն, տառերուն շուրջպարէն, անոնց հեւքէն, անշուշտ պիտի հիանար եւ պիտի զմայլուէր Մեծն Մեսրոպ Մաշտոցը։
Սաղարթ՝ կին, մայր, նկարչուհի, հոգեթով անձնաւորութիւն մը, որուն նկարներուն մէջ անոր համեստ ինքնութիւնն է, ուժեղ կամքը, տառերուն հետ ամէնօրեայ զրոյցները, անոնց լսելի ձայնը։ «Սուրհանդակ», «Ջրապտոյտ», «Արարում», «Յաւերժ խոյանք», «Հայեացք» եւ այլ անուններ, որոնք կու գան հաստատելու, որ մշակութային լաւագոյն գոհարներ նման են անգին մետաղներու, զարդերու, որոնք երբեւէ չեն հիննար, չեն պատուիր ժամանակի փոշիով, այլ՝ կը յղկուին եւ կը փայլփլին, ինչպէս Հայոց այբուբենը։ Ձեզ նոր մտայղացումներ եւ լոյսեր Ձեր արուեստի ինքնատիպ արուեստին մէջ։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է հեղինակի 43 գործ։
Յասմիկ Մարտիրոսեան