Գրադարանավարի օրը՝ Շիրակի Մարզային Գրադարանէն ներս
Գրադարանավարի օրուան առթիւ Շիրակի մարզպետ Նազելի Պաղտասարեան մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ այցելած է մարզային գրադարան՝ աշխատակիցները շնորհաւորած մասնագիտական տօնի առթիւ, իսկ գրադարանի տնօրէն Գէորգ Ամիրեանին երկարամեայ բարեխիղճ աշխատանքի, նուիրումի եւ Շիրակի մարզպետարանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար՝ յանձնած է շնորհակալագիր։
«Այնքան ուրախալի է, որ Շիրակի մարզային գրադարանը միշտ առաջամարտիկ է ոլորտում, ինչն, ի հարկէ, հոգատար ու անձնուէր աշխատանքի արդիւնք է։ Դուք կարեւոր առաքելութիւն ունէք՝ մեր սերունդների մէջ գիտութեան, ընթերցանութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն սերմանել։ Հիմա ասում են ընթերացանութեան հանդէպ սէրը նուազել է, սակայն ես այնքան էլ համակարծիք չեմ, կարծում եմ՝ աւելի շատ ընթերցանութեան մօտեցումներն են փոխուել, բովանդակութիւնն ու ձեւաչափը»,- նշած է մարզպետը՝ կարեւորելով արդի պահանջներուն ընդառաջ գործունէութիւն իրականացնելն ու գրադարանը երիտասարդներու համար հետաքրքիր վայր դարձնելը։
Մարզպետը շրջած է գրադարանին մէջ, ծանօթացած ընթացիկ աշխատանքներուն, համալրման ու նորարարական գործընթացներուն։
Շիրակի մարզային գրադարանն ունի 11 բաժին, գրադարանային հաւաքածուն 220 հազարէ աւելի է։
Երկարամեայ բարեխիղճ աշխատանքի, գրադարանավարի օրուան առթիւ աշխատակիցներուն պատուոգրեր եւ դրամական խրախուսում յանձնած է նաեւ մարզային գրադարանի տնօրէն Գէորգ Ամիրեանը։
ՀՀ Շիրակի մարզպետի այցէն ետք, Շիրակի մարզային գրադարանի տնօրէնութիւնը, Գրադարանավարի օրուան կապակցութեամբ գիրքեր նուիրաբերած է Շիրակի մարզի շարք մը գրադարաններու` «Արթիկի գրադարան» ՀՈԱԿ-ին, «Ախուրեանի համայնքային գրադարան» ՀՈԱԿ-ին, Մարալիկի քաղաքային գրադարանին, «Ամասիայի համայնքային գրադարան» ՀՈԱԿ-ին եւ «Աշոցքի գրադարան» ՀՈԱԿ-ին: