Գրականութեան ցուցադրութիւն՝ նուիրուած բանաստեղծ, թատերագիր Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170-ամեակին
22 Յունիսին, ժամը 14։00-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ Սպասարկման բաժնի գիտական եւ մամուլի ընթերցասրահի աշխատակիցներու նախաձեռնութեամբ բացուած է գրականութեան ցուցադրութիւն՝ նուիրուած արեւմտահայ բանաստեղծ, թատերագիր Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170-ամեակին։
Ցուցադրութեան ներկայացուած են Դուրեանի մահէն ետք, 1872-էն մինչ օրերս հրատարաուած եւ Ազգային գրադարանին մէջ առկայ գրականութեան հիմնական մասը:
1872 թուականին, Պետրոս Դուրեանի մահուան յաջորդ տարին, Պոլսոյ Արամեան տպարանին մէջ Սկիւտարի Ընթերցասիրաց ընկերութիւնը, որ կազմակերպած էր Դուրեանի յուղարկաւորութիւնը, կը հրատարակէ վաղամեռիկ գրողի «Տաղք եւ թատրերգութիւնք» գործը։ Գիրքը Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170-ամեակի առթիւ բացուած գրականութեան ցուցադրութեան մաս կը կազմէր:
Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն, գրականագէտ Կարօ Վարդանեանը ցուցադրութեան բացման զուգահեռ ներկայացուցած է Դուրեանը որպէս թատերագիր, եւ որպէս քնարերգակ:
Դուրեանը գրած է «Տարագիր ի Սիպերիա» ողբերգութիւնը, «Վարդ եւ Շուշան կամ Հովիւք Մասեաց» մելոտրաման, «Սեւ հողեր կամ ետին գիշեր Արարատեան», «Արտաշէս աշխարհակալ», «Անկումն Արշակունի հարստութեան», «Ասպատակութիւնք պարսկաց ի Հայս կամ Աւերումն Անի մայրաքաղաքին Բագրատունեաց» պատմական ողբերգութիւնները: Դուրեանի տրամաները, բացառութեամբ «Տարագիր ի Սիպերիա»ի (որ նուիրուած է Մ. Նալպանտեանին) եւ «Թատրոն կամ Թշուառներ»ու, բեմադրուած են անոր կենդանութեան օրօք:
Դուրեանէն մեզի հասած է 39 բանաստեղծութիւն, որոնցմէ 26-ը գրուած են 1871 թուականին։
Անոր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, իտալերէն, ռումիներէն, պուլկարերէն, յունարէն, հունգարերէն, պարսկերէն, թուրքերէն եւ սպաներէն լեզուներու։