Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Զոյգ Գիրքերուն Նուիրուած Շնորհահանդէս
Ուրբաթ, 13 Յունուար 2023, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, ի ներկայութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչ գերաշնորհ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, պետական երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունիի, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, ազգային-բարեսիրական, հասարակական, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ պատկառելի բազմութեան մը ներկայութեան, «Փրոմենատ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, Զուիցերիոյ Բարեկարգեալ-Աւետարանական Եկեղեցւոյ գիտաշխատող, Զուիցերիոյ Կրօններու Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար, հայագիտական նիւթերու հմուտ, հայ եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով ծանօթ՝ դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի գիրքերուն նուիրուած շնորհանդէսը:
Հանդիսավար Ահարոն Շխրտըմեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու լիբանանահայ մատենագէտ, կրթական մշակ, խմբագիր, մտաւորական՝ Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակը:
«Պատմական, գիտական կամ գրական որեւէ լուրջ ուսումնասիրութիւն ոչ միայն մնայուն արժէք կը ներկայացնէ հետագայ սերունդներուն համար, այլ՝ աւանդ, ընդգծելով, թէ վերջին տարիներուն մեր պատմագիտութիւնը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հարստացաւ Դոկտ. Փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեանի, Երուանդ Փամպուքեանի, դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի, դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանի եւ այլ երախտաւորներու լուրջ աշխատութիւններով, որոնք ոչ միայն մեր ազգային արժէքները կը պահպանեն, այլ՝ աւանդը», աւելցնելով, թէ մեր պատմագիտութիւնը ծանրակշիռ հնչեղութիւն ունեցաւ դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ` «Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան Կախաղաններու Մասին Անդրադարձը Եւրոպական Մամուլի Ու Դիւանագիտական Թղթակցութեանց Մէջ» պատմագիտական հատորներով» ըսաւ ան:
Զոյգ գիրքերուն մէջ դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի նպատակը եղած է ներկայացնել Օսմանեան Թուրքիոյ բռնակալութեան տակ, իր պատմական հողերուն վրայ ապրող հայ ժողովուրդին արիւնաքամ վիճակը, Օսմանեան կայսրութեան հայասպան քաղաքականութիւնը:
Յաջորդաբար սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Պատմութեան Հաստատութեան տնօրէն՝ դոկտ.փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ազգային- հասարակական գործիչ՝ տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանը, պատմաբան, խմբագիր, կրթական մշակ, ազգային- հասարակական գործիչ, մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանը, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեք Քէօշկերեանը, որոնք դրուատեցին արխիւային հարուստ տուեալներու վրայ զոյգ հրատարակութիւնները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին հեղինակին:
Բանասէր, խմբագիր, տիպար հոգեւորական՝ դոկտ. Մեսրոպ վրդ. Հայունի ներկայացուց «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» հատորը: Ան գնահատեց ուսումնասիրողին որակեալ ճաշակը,կատարած հսկայ աշխատանքը: Դոկտ. Մեսրոպ վարդապետ Հայունի նշեց, որ գիրքը գրուած է օտար շրջանակներու համար, հարուստ պատմագրական ու բովանդակային համադրումով, աղբիւրագիտական ապացոյցով եւ համապատկերային ներկայացումով, ուր հեղինակին նպատակը եղած է օտարազգիին ծանօթացնել հայ ժողովուրդին պատմութիւնը:
«Հատորին բնագիրը գերմաներէն է, որուն տիրացած է արժանապատիւ Հեղինակը՝ վկայուած ուսումնաւարտը Վիեննայի Համալսարանին Կաթողիկէ-Աստուածաբանական Կաճառէն եւ «Դոկտոր» ակադեմական կոչումին արժանացած՝ նոյն համալսարանէն: Գերմաներէնէն բացի, այս գիրքը թարգմանաբար ունեցած է նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն հրատարակութիւններ, որոնցմէ մին լոյս տեսած է 2018, իսկ միւսը՝ 2022 թուականին» յայտնեց ան:
Դոկտ. Մեսրոպ վարդապետ Հայունի խօսքի աւարտին, Դոկտ.Աբէլ Մանուկեանի միջոցով իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը յայտնեց զուիցերիացի մարդասէր ու հայանպաստ ժողովուրդին եւ նոյն խանդով գնահատեց հեղինակին տարած հսկայական ու պատուաբեր աշխատանքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտութեան Կեդրոնի տնօրէն եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Գրասենեակի պատասխանատու, տիար Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց՝ « Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան Կախաղաններու Մասին Անդրադարձը Եւրոպական Մամուլի Ու Դիւանագիտական Թղթակցութեանց Մէջ» հատորը:
Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք նոր հրատարակութիւններով հարստացած է մեր պատմագրութիւնը եւ առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձած է հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը, որուն լոյսին տակ քանի մը կարեւոր հրատարակութիւններով ճոխացած է նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութիւնը:
Երկու գլխաւոր մասերու բաժնուած հատորը ունի տասնեակ մը ենթաբաժիններ: Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան առարկայական եւ արխիւային տուեալներու լոյսին տակ, անհամար փաստերով եւ մանրամասնութիւններով կ’ապացուցէ, թէ 1887 թուականէն շատ աւելի կանուխ՝ 1886 օգոստոսին արդէն գործել սկսած է ապագայ Հնչակեան կուսակցութեան կորիզը՝ «Ժընեւի յեղափոխական ընկերութիւն», յաճախ ալ՝ «Ժընեւի խմբակ»-ը անուան տակ:
Հատորին երկրորդ մասին մէջ դոկտ. Աբէլ Մանուկեան մեզի ցարդ անծանօթ արխիւային տուեալներով կը ներկայացնէ զուիցերիական եւ գերմանական մամուլին անդրադարձը հնչակեան Քսաններու նահատակութեան, Երիտ-թուրքերու յեղափոխութեան, Հայոց ցեղասպանութեան:
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը՝ ուղղուած հատորներու հեղինակին եւ շնորհահանդէսին մասնակցողներուն։ Ան ըսաւ.
«Այսօր ինծի համար պատիւ եւ ուրախութիւն է բերելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղուած դոկտ. Աբէլ Մանուկեանին, որուն հրատարակած գիրքերուն նուիրուած է այսօրուան շնորհահանդէսը։ Արդարեւ,Վեհափառը իր մեծ գնահատանքը եւ շնորհաւորանքը կը յղէ այս երկու գիրքերուն հրատարակութեան առիթով։ Հաւատացէք, սիրելինե՛ր, ես ինքզինքս կը զգամ 1980/90-ական թուականներուն մէջ, երբ բոլոր հայ ուժերը համախմբուած կը նայէին դէպի ապագան։ Արդարեւ, հայ մամուլի, օտար մամուլի եւ գրականութեան դոկտ. Աբէլ. Մանուկեանի ներկայացուցած յօդուածներով արդէն ինքը հանրաճանաչ դէմք մըն է, բծախնդիր, պրպտող, լաւ գրիչ, ոչ սովորական աշխատող, որ իր բոլոր գործերով յայտնի է հայ ժողովուրդին մատուցած արժէքներով։ Իր այս երկու գիրքերը ինծի համար գրական, բայց յուշարձան խաչքարեր են, որոնք անդին կը մղեն մեր դարաւոր թշնամին հայ ժողովուրդին եւ հայոց Ցեղասպանութեան վրայ շիրմաքար դնելու բոլոր փորձերուն։ Պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանին վերջին խօսքը իմ սրտիս դպաւ եւ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ կրկնել. ’Ամէն մէկ հայ մէկ արժէք մըն է մեր ամբողջականութեան համար’։ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ եւ այս տարի հռչակած է Սփիւռքի տարի։ Հայապահպանութեան եւ հայակերտումին համար այսպիսի գիրքերը պէտք է բազմանան, որովհետեւ մեզի կու տան հաւատք ապագային համար։ Մեզի յոյս կը ներշնչեն, որ մենք պարտուողական հոգիին տակ չենք ճնշուիր, այլ դարձեալ մեր ուժերուն վրայ կը կանգնինք։ Վեհափառ Հօր պատգամը այսօր կրկնուեցաւ յարգելի բոլոր դասախօսներէն. անհրաժեշտօրէն ապրիլ անցեալը, բայց այդ անցեալի սխալները սրբագրել, միասնականութեամբ յառաջ նայինք՝ զօրացնելով պետականութեամբ կազմակերպուած մեր հայրենիքը։ Բայց առանց կազմակերպեալ Սփիւռքի ոչ մէկ տեղ կրնանք հասնիլ։ Հետեւաբար կը կրկնեմ Վեհափառ Հօր պատգամը, թէ միացեալ ուժերով պարտաւոր ենք ստեղծելու նոր կայծ մը, որ մեր արժէքաւոր հայորդիներուն եւ ժողովուրդին ջանքերով կու գայ։ Սիրելի՛ դոկտ. Աբէլ Մանուկեան, Վեհափար Հօր հայրական օրհնութեան եւ գնահատանքին հետ պիտի ուզեմ իմ եւ ներկաներուն սրտագին մաղթանքները փոխանցել ձեզի, այս սուրբ տօնական օրերուն, մեր Տիրոջ Աստուածայայտնութեան, այլ խօսքով՝ Ծնունդի եւ Մկրտութեան առիթով, մաղթելով ձեզի քաջառողջ երկար կեանք, որովհետեւ կը հաւատամ, որ դուք տակաւին շատ գործեր պիտի նուիրէք ազգին, որովհետեւ անոնց մղիչ ուժը ձեր սէրը եւ անսակարկ հաւատքը եղած է մեր ժողովուրդին եւ հայ ազգին հանդէպ։ Վստահ եղէք, որ մեր ժողովուրդին զաւակները երախտագիտութեամբ պիտի դիմաւորեն ձեզ»։
Վերջաւորութեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը, որ նախ որդիական մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յանձին Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանի իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցելուն համար։ Նոյնպէս՝ Հոգեւոր Տիրոջ՝ գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ պատրիարքին, սրբազան եւ հոգեշնորհ հայրերուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ազգային կազմակերպութիւններու պատուարժան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս բոլոր ներկաներուն շնորհահանդէսը պատուելու իրենց մասնաւոր ուշադրութեան եւ գնահատելի ներկայութեան համար։ Ան յայտնեց. «Ամէն ինչ, որ չի պահպանուիր, ենթակայ է մոռացութեան եւ կորուստի: Առկայ գիրքերուն նպատակն է մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկել այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են մեր ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ։ Ո՞վ պիտի համատեղէ եւ ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այն հարիւրաւոր փաստաթուղթերը, որոնք կը պահպանուին Զուիցերիոյ քանթոնալ եւ պետական արխիւներուն մէջ։ Հարցում մը, որ վաղուց կը չարչրկէր միտքս ու կը ծանրաբեռնէր խիղճս։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը հանդիսացաւ այն բարեպատեհ առիթը, որուն նախասեմին ուխտեցի հանգամանօրէն անդրադառնալ զիս չարչրկող հարցումին՝ պատրաստելով գիրք մը, որուն հասցէակիրը պէտք է ըլլար ոչ անպայման հայ ընթերցողը, այլ միանշանակ օտարը՝ գերմանախօս, անգլիախօս, ֆրանսախօս կամ ինչո՞ւ չէ նաեւ թուրք ընթերցասէր հասարակութիւնը։ Այս առաջադրանքէն մեկներով՝ «Մարդկութեան վկաները» գիրքս ունեցաւ երեք հրատարակութիւն՝ 2015-ին գերմաներէն, 2018-ին անգլերէն եւ 2022-ին ֆրանսերէն լեզուներով։…Միեւնոյն է, համայնաջինջ քանդումին, հրէշաւոր մոլուցքին զոհ դարձան հայոց մշակութային ժառանգութեան գոհարները՝ վանքերն ու եկեղեցիները, տաճարներն ու դպրութեան կեդրոնները։ Քանդուեցան հայ աճիւններ հովանաւորող խաչքարերը, պղծուեցան ու կողոպտուեցան սրբանուէր սպասները, ձեռագիր աւետարաններն ու հայ մտքին փառահեղ կոթողները՝ Ագաթանգեղոսներու, Փաւստոսներու, Կորիւններու, Փարպեցիներու, Եղիշէներու, Խորենացիներու, Նարեկացիներու, Շնորհալիներու եւ այլ մատենագիրներու բիւրաւոր մատեաններ հրոյ ճարակ դարձան թուրք եւ քուրդ խուժանին ձեռքով՝ մարմնին հետ նաեւ սպաննելու համար հայ ցեղին սիրտը, ջնջել կարենալու համար հայոց պատմական յիշողութիւնն ու հայութեան մասին յիշատակի մը վերջին նշոյլը։ Ուստի պէտք է գրել վառ պահելու համար մեր ազգային հաւաքական յիշողութիւնը, որովհետեւ ան մեր պայքարի փողփողուն դրօշն է, մեր արդար պահանջատիրութեան անխորտակելի ու զօրեղ զէնքն է»։
Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը մասնակցութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Շահէ Արք. Փանոսեանի, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Գերապայծառ Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Հ. Մեսրոպ վրդ. Հայունիի, Պետ. Երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունիի, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տիար Ալեք Քէօշկէրեանի, փրոֆ. դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի, Երուանդ Փամպուքեանի, տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի, տիար Ահարոն Շխրտըմեանի եւ հատորներուս հեղինակ՝ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի։
Գինեձօնի արարողութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրութիւն: Հեղինակին ցանկութեան համաձայն գիրքերու վաճառքին ամբողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ «Զուարթնոց» Յատուկ Բարեսիրական Կեդրոնին:
Yerepouni-news.com