Եգիպտահայ երգչուհի եւ դերասանուհի ԱՆՈՒՇՔԱ
Եգիպտահայ աշխարհահռչակ, համակրելի ու տաղանդաշատ երգչուհի եւ դերասանուհի Անուշքա, բուն անունով՝ Վարդանոյշ, դուստրն է հայազգի Կարպիս Սելիմի։ Անուշքա կը յաճախէ Գահիրէի Պուլաք Ապուլ Աալա ( بولاق أبو العلا ) թաղամասին մէջ գտնուող Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, որմէ ետք ուսումը կը շարունակէ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ հետեւելով գործարարութեան կառավարման ճիւղին։ Աւարտելէն յետոյ, ան կ’աշխատի օտարերկրեայ ներդրումային ընկերութեան մը մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ «Թարեք Նուր» ( طارق نور) ծանուցումի ընկերութեան մէջ՝ որպէս գովազդներու երգչուհի:
Անուշքայի երգարուեստի ասպարէզը կը սկսի երբ ան կը մասնակցի միջազգային մրցոյթի մը, զոր կազմակերպած էր «Փառատօնային կազմակերպութիւններու միջազգային դաշնութիւնը»ը (International Federation of Festival Organizations, FIDOF), հանդէս գալով ֆրանսերէն երգով մը, որուն հեղինակն էր Ճամալ Ապտըլ Հալիմ Հասան, երաժշտութիւնը՝ Քամէլ Շերիֆի։ Անուշքայի մեկնաբանած երգը կը շահի առաջին մրցանակը, եւ ըստ այդ մրցանակին պայմանին, Եգիպտոսի ռատիոյի եւ պատկերասփիւռի ընկերութիւնը կը հովանաւորէ Անուշքայի առաջին երգերուն ձայնագրութիւնը պատկերասփիւռի համար, ինչպէս նաեւ՝ պատկերասփիւռային «Արաբերէնի ուսուցում» ծրագիրին համար նախատեսուած երգը: Ծրագիրը կը ղեկավարէր բեմադրիչ Ֆեհմի Ապտըլ Համիտ:
1987 – 1988 տարիներուն, երգչուհի Անուշքա կը մասնակցի երգի միջազգային մրցոյթներու, Ֆինլանտայի, Չեխոսլովաքիոյ, Պուլկարիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցած երգի միջազգային փառատօներուն: Թուրքիոյ մէջ, ան իր «Հապպայթէք» («Սիրեցի քեզ») երգով կը նուաճէ երրորդ մրցանակը։
1995-ին, Ֆրանսայի մէջ Անուշքա կը շահի առաջին մրցանակը` Ֆրանքոֆոն երկիրներու փառատօնին, ուր կը մասնակցի իր հեղինակած երաժշտութեամբ` Mon Amour («Իմ սէր») երգով, նաեւ՝ Ya leil երգով, որուն երաժշտութեան հեղինակն է երաժշտահան Միտհադ Էլ Խաուլի (مدحت الخولى): Որպէս փառատօնի նախադրեալ պայման, երկու երգերն ալ ֆրանսերէն եղած են: Հետագային, ան նաեւ կատարած է նշեալ երգերուն արաբերէն տարբերակը:
Երգչուհի Անուշքա իր ելոյթներով ոգեւորած է FIFA U-17 World Cup 1997-ի՝ ֆութպոլի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան բացման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Handball World Cup-ի փակման արարողութիւնը եւ Windsurf World Cup 2000-ի աշխարհի ախոյեանութեան բացման արարողութիւնը:
Գնահատանքը չ’ուշանար. երգչուհի Անուշքա կը պարգեւատրուի Եգիպտոսի Զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, եգիպտական երաժշտութիւնը խթանելու եւ համաշխարհային ասպարէզներ հասցնելու իր ջանքերուն համար:
Տաղանդաշատ երգչուհի Անուշքա այն արուեստագիտուհիներէն է, որ, օժտուած ըլլալով նաեւ դերասանական ունակութիւններով, ճամբայ կը հարթէ նաեւ դերասանական մարզին մէջ․ բեմադրիչ Սալահ Ապու Սեյֆ զինք կ’ընտրէ «Պարոն Քաֆ» (السيد كاف) ֆիլմին համար, որմէ ետք ան դերեր կը ստանձնէ «Ով արձակած է այս գնդակը (من أطلق هذه الرصاصة) ժապաւէնին, «Սիրամարգ» (الطاووس) , “الرشيق” , “جراند أوتيل” ,”حلاوة الدنيا ֆիլմաշարերուն եւ Մանուկներու համաշխարհային օրուան նուիրուած «Վարդը եւ իր եղանակները» (الورد وفصوله) օփերեթին մէջ: 2012-ի «Ռամատանիաթ» ֆիլմաշարին մէջ, դերասանուհի Անուշքա կը մարմնաւորէ ՄԱԿ-ի աշխատակից դիւանագէտ կնոջ մը դերը՝ ժապաւէնի խաղընկեր ունենալով հանրածանօթ եգիպտացի դերասան, կատակերգակ Ատէլ Իմամը:
Երգչուհի Անուշքան կը հրապարակէ ալպոմներ արաբերէնով՝ Habbaytak (1988), Nadani (1989), Tigi Tghanni (1990), Abayyan Zayn (1992), Keddab (1994). Nefsy Akoon (2001):
Անուշքայի Ya Leil երգը՝
https://youtu.be/jH5L03haRII Festival de la Francophonie
Mon Amour երգը՝
https://youtu.be/VY_bZOjPv6g Festival de la Francophonie
Անուշքայի հայերէն երգերու կատարումները՝ https://youtu.be/2L30wyfY2eU https://www.facebook.com/anoushkaegypt/videos/563153441159545
Շաքէ Մանկասարեան
Աղբիւրը՝ darperag21.net