Գեղանկարիչ, գծագրութեան ուսուցիչ եւ լողի ախոյեան՝ Եզեկիէլ Թորոս
Հանրածանօթ գեղանկարիչ Եզեկիել Թորոս ծնած է Խարբերդ քաղաքին մէջ, 1915-ին: Իր ծնողքին՝ Աբրահամի եւ Մարիամի ու երկու եղբայրներուն՝ Կոստանդինի եւ Սամիկի հետ գաղթած է Հալէպ, Սուրիա, 1921-ին: Եզեկիէլ Թորոսին մեծ եղբայրը՝ Կոստանդին աւարտած է Խարբերդի Քոլէճը․ հայրը իր ընտանիքին եւ իր զաւկին ընկերոջ՝ Խաչատուրին հետ կը ստիպուի փախչիլ դէպի Հալէպ՝ թրքական բանակին մէջ զինուորութիւնէ փրկելու համար Կոստանդինը։ Աբրահամին համար արդէն իսկ ծանր էր իր աքսորուած չորս եղբայրներուն պարագան, մինչ կնոջ՝ Մարիամի եօթը եղբայրները նոյնպէս աքսորական էին:
Թորոս ընտանիքը երբ կը հասնի Հալէպ, տոմարներուն մէջ կ’արձանագրուին որպէս արման քատիմ / «հին հայ», կրօնքը՝ «հին ասորի» / سريان قديم,/ իսկ Սամիկ եղբայրը կը ստանայ Սելիմ անունը, հօր արաբերէն չգիտնալուն եւ թարգմանիչին սխալ մեկնաբանութեան պատճառով: Հակառակ հետագայ բոլոր ջանքերուն, տոմարական արձանագրութիւնը կարելի չ՛ըլլար սրբագրել, ինչպէս կը վկայէ Սոնիա Թորոս:
Եզեկիէլ Թորոս կը յաճախէ Հայկազեան Ազգային Վարժարանի տղոց բաժինը (1), որ կը գտնուէր Ճիտէյտէ թաղամասը (ներկայիս այդ կառոյցը պահպանուած է որպէս թանգարան «Պէյթ Ղազէլէ» ), ապա կը շարունակէ իր ուսումը Հալէպի Ամերիկեան քոլէճին (2) (Aleppo College) մէջ, զոր կ՛աւարտէ ստանալով High School Degree-ի պաշտօնական վկայականը, որ կը տրուէր 10-րդ դասարանը ամբողջացնող աշակերտներուն: Դպրոցի ամառնային արձակուրդի ամիսներուն ան կը հմտանայ ժամագործութեան արհեստին մէջ իր մեծ եղբօր խանութին մէջ, որ կը գտնուէր «Պապ էլ Ֆարաճ» հրապարակին վրայ:
Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոսի եղբայրը՝ Կոստանդին Թորոս ծնած է Խարբերդ, 1889-ին եւ մահացած է 1958-ին, Հալէպ, իսկ Սամիկ Սէլիմ Թորոս ծնած է Խարբերդ, 1918-ին եւ աւարտած է Aleppo College-ը: Ան Եղած է Syria Shell Petrolium ընկերութեան տնօրէնը 1960- 1972 տարիներուն: Ամուսնացած էր աւստրիացի Orrely Porgess-ի հետ եւ իր մահկանացուն կնքած 1988-ին, Վիեննա:
Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս սկսած է նկարել 1932-ին: Ան իր դպրոցական տարիներուն հօրմէն գաղտնի իր գեղանկարչական գործերով մասնակցած է ցուցահանդէսներու եւ նուաճած է առաջնութիւններ։ Շատ սիրած է որսորդութիւնը, որուն շնորհիւ երկար ժամանակ կ՛անցնէր բնութեան մէջ, եւ բնաւ զարմանալի չէ գեղեցիկ բնութիւնը տեսնել իր գեղարուեստական թեմաներու շարքին:
Եզեկիէլ Թորոս ամբողջ Սուրիոյ մէջ կը համարուի առաջինը, որ օգտագործած է դանակը որպէս գեղանկարչական ստեղծագործութիւններու գործիք: Իր կեանքին ընթացքին ստեղծած է աւելի քան 1500 իւղաներկ կտաւներ․սուրիացի արուեստի քննադատ Մահմուտ Մաքի կը նշէ, որ երկարատեւ աշխատանքին պատճառով Թորոսին տեսողութիւնը տկարացած է։
Ե․ Թորոսի առաջին յայտնի նկարչական գործը եղած է «Հալէպի բերդ»ը, 1936-ին, իսկ առաջին անհատական ցուցահանդէսը՝ 1943-ին, տեղի ունեցած է իր ժամագործ եղբօր խանութին առջեւ։ Երկրորդ ցուցահանդէսը կայացած է Հալէպի «Ալ Սաատ ակումբ»ի սրահին մէջ, ուր ան ներկայացուցած է աւելի քան 54 գեղանկարներ, որոնք բոլորն ալ օրին գտած են գնորդներ՝ արաբական եւ օտար շրջանակներէ: 1961-ին ան կը մասնակցի պաշտօնական ցուցահանդէսներու՝ մասնակցելով գեղանկարիչ Ֆաթեհ Ալ-Մուտտարէսի ցուցահանդէսին «Ալ Լիուա ակումբ»ի սրահին մէջ, 1953-ին Լաթաքիոյ մէջ հանդէս կու գայ իր ցուցահանդէսով, 1960-ին `Դամասկոսի մէջ, 1963-ին` Գամիշլիի մէջ, 1974-1975 տարիներուն Հալէպի մէջ, իսկ իր վերջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 1977-ին, Հալէպի «Թիշրին» պատկերասրահին մէջ: Այս տարիներուն ընթացքին ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Ան անդամ էր Սուրիոյ արուեստագէտներու սենտիքային (Syrian Artists Syndicate):
Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս նաեւ եղած է Հալէպի լողի ախոյեան:
Արուեստագէտը յայտնի էր նաեւ իբրեւ հմուտ եւ յաջողակ ժամագործ։ Ան 1934 – 1958 թուականներուն ատենի եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն կողմէ սիրուած Boulevard de France թաղամասին (ներկայիս Հալէպ, Քուաթլի փողոց) մէջ ունէր էր իր անձնական ժամագործական խանութը՝ զուիցերիական ժամացոյցներու ճոխ ընտրանիով․արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներ անոր մշտական յաճախորդներն էին: 1961 – 1984 թուականներուն, հանրաճանաչ Ճորճ Լահտոյի խանութէն դէպի Լատինաց եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ, ան բացաւ նոր վաճառատուն մը, ուր ժամացոյցներուն կողքին կը ցուցադրուէին նաեւ իր գեղանկարչական գործերը․ այստեղ կ’այցելէին նաեւ զինք յարգող ու սիրող աշակերտները: Ե․ Թորոսի մահէն 5 տարի ետք, Ամերիկա բնակող իր տղաքը վաճառեցին իրենց հօր փակ մնացած այդ խանութը, 1989-ին:
Ե․ Թորոս գծագրութեան ուսուցիչ նշանակուած է պետութեան կողմէ եւ երկար տարիներ պաշտօնավարած է Հալէպի արաբական դպրոցներու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու մէջ, որոնց շարքին՝ Ազգ. Հայկազեան Վարժարան – մանչերու բաժին (մօտաւորապէս 18 տարի), միաժամանակ` Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճ (Aleppo college), 20 տարի` Քարէն Եփփէ Ճեմարան (ուր ուսուցիչը եղած է նաեւ իր դուստրին՝ Սոնիա Թորոսին), Կիլիկեան Ճեմարան եւ ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան – Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարան:
Ե․ Թորոս ամուսնցած էր Լուսի Սաղրեանին հետ, որուն մեծ հայրը զինք Իսկէնտերունէն տարած էր Լիբանան եւ յանձնած Elizabeth Steven Webb անունով ամերիկացի միսիոնարուհիին կողմէ բացուած գիշերօթիկ դպրոցին։ Երբ Լուսին հիւանդապահուհի դառնալու փափաք կը յայտնէ, Ուէպ անոր կ’առաջարկէ երթալ Ամման, Յորդանան կամ Հալէպ, Սուրիա։ Լուսին կ’ընտրէ Հալէպ քաղաքը իր ուսումը շարունակելու համար, եւ կ՛ընդունուի Ալթունեանի բուժքոյրերու դպրոցը (3), որ ատենին կը գտնուէր Սինեմա Օկարիթի կողքի շէնքին մէջ, որ հետագային դարձաւ «Ալ Հիքմա» դպրոցը, ապա քանդուեցաւ:
Ալթունեան հիւանդանոցի տնօրէն Թոմսընի հսկողութեամբ ուսանողուհիները կ’երթային Հալէպի «Ֆարուք» լողաւազանը, որուն սեփականատէրը Բիւզանդ Տէմիրճեանն էր: Այնտեղ մշտապէս կ՛երեւէր երիտասարդ մը, որ ակնյայտօրէն վարպետ լողորդ մըն էր։ Եւ օր մըն ալ Լուսին իր սրտնեղութիւնը կը յայտնէ անգլիացի տնօրէնին, թէ ինք այդ օտար մարդուն ներկայութեան չ՛ուզեր լողաւազան իջնել: Տնօրէնը կը բացատրէ Լուսիին, թէ այդ օտարը երիտասարդը հայ է եւ լողի ախոյեան․ Եզեկիէլ Թորոսին աչքերը կը հանդիպին Լուսիի ծուռ հայեացքներուն …. Օրեր կ’անցնին, Թորոս կը սկսի աւելի հետաքրքրուիլ Լուսիով, կ’իմանայ անոր ուսման վայրը, եւ երկար ժամեր տրամադրելով ամէն օր կը սպասէ Ալթունեան հիւանդանոցին շրջակայքը, որպէսզի հանդիպի Լուսիին ….իսկ այդ օրը չ՛ուշանար … եւ Լուսի կը ծանօթանայ Եզէկիէլի ծնողքին: 1941-ին, Լուսի կ’աւարտէ ուսումը եւ Եզեկիէլ Թորոսի թելադրանքով կը վերադառնայ Լիբանան, որմէ ետք Եզեկիէլ Թորոս կը ճամբորդէ Լիբանան ու պատշաճօրէն ներկայանալով Լուսիի հարազատներուն՝ անոր ձեռքը կը խնդրէ․ նշանախօսութիւնը տեղի կ’ունենայ 1941-ին, իսկ երեք ամիս ետք պսակի արարողութիւնը կը կատարուի Հալէպի մէջ: Զոյգը կը բախտաւորուի 4 զաւակներով՝ Ճորճ, Ալէքսան,Ալպէր եւ Սոնիա:
Եզեկիէլ Թորոս եւ իր կինը՝ Լուսի Ամերիկա մուտք գործելու վիզաները ստանալով 1984-ին, կը պատրաստուէին մեկնելու Նոր աշխարհ, սակայն ծրագիրը կը փոխուի, երբ գեղանկարիչը անակնկալ գլխու կաթուածով մը կը հիւանդանայ։ Անոր սիրելի աշակերտները, որոնք արդէն բժիշկներ էին՝ Պետրոս Պոյաճեան Գէորգ Թեմիզեան, սիրով կը խնամեն իրենց գծագրութեան ուսուցիչը, սակայն Թորոսի առողջական վիճակը արագօրէն կը վատթարանայ, ու ան մահկանացուն կը կնքէ 5 Ապրիլ 1984-ին: Կինը՝ Լուսի Սաղրեան, վեց ամիս ետք, Ամերիկա մուտք գործելու վիզայի պայմաններուն բերումով, ստիպուած կը գաղթէ եւ կը հաստատուի իր զաւկին՝ Ճորճ Թորոսին մօտ, Սանթա Մարիա, Քալիֆորնիա, եւ հոն ալ կը կնքէ իր մահկանացուն, 2009-ին:
1․Ազգային Հայկազեան Երկսեռ Վարժարաններ – Մանչերու բաժինը 1920-ական թուականներու սկիզբը Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն տեղափոխուած է Սալիպէ թաղամասին մէջ գտնուող «Ղազէլէ» ընտանիքին պատկանող տարածքը: 1950-ին կալուածին կէսը ազգապատկան դարձած է, իսկ 1974-ին, շէնքը ամբողջութեամբ պետականացուած է ու յանձնուած՝ Հնագիտական կառոյցներու տնօրէնութեան:
2․ Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճը (Aleppo College) շարունակութիւնն է Այնթապի մէջ գործած ամերիկեան միսիոնարական քոլէճին։ Ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւնը սուրիական այս քաղաքին մէջ կը հիմնէ սոյն քոլէճը 1920-ական թուականներուն, Այնթապի մեծաթիւ հայերուն Հալէպի հաստատուելէն ետք։ Քոլէճի շրջանաւարտներու շարքին են հանրաճանաչ դէմքեր, ինչպէս՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ Նազէմ Քուտսի, սուրիացի հանրայայտ գեղանկարիչ Ֆաթէհ Ալ Մուտտարէս եւ սուրիացի շարժապատկերի նշանաւոր բեմադրիչ եւ արտադրիչ Մուսթաֆա Ալ Աքքատ։
3․Արամ-Ասատուր Ալթունեան ծնած է 21 Մարտ 1857-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա քաղաքը: 1881-ին աւարտած է Այնթապի եռամեայ բժշկական քոլեճը: 1889-ին հաստատուած է Հալէպ, ուր 1896-ին, իր կնոջ՝ իրլանտացի Հարրիէթ Ռիտելի հետ բացած է Միջին Արեւելքի մէջ X-ray-ով առաջին հետազօտութիւններու կեդրոնը: 1911-ին հիմնադրած է Ալթունեան հիւանդանոցը (գործած է մինչեւ 1962): 1927-ին բացած է բուժքոյրերու դպրոց: Կրած է «Հալէպի բժիշկներու հայր» պատուանունը: Մահացած է 4 Յունուար 1950-ին, թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ա.Ա. Ալթունեանի որդին էր բժիշկ Էռնեսթ Հայկ-Ալթունեանը, որուն որդին էր՝ բժիշկ Ռոճըր Ալթունեանը:
Շաքէ Մանկասարեան
Աղբիւրը՝ darperag21.net