Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանի «Երուսաղէմը եւ հայերը» հատորը
«Պարո՛ն Արմէն Մութաֆեան, թէեւ մաթեմատիկան Ձեր առաջին մասնագիտութիւնն է, այնուամենայնիւ հսկայական է Ձեր ներդրումը Ֆրանսայում հայագիտութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան ու մշակոյթի հանրահռչակման գործում: Յատկապէս մեծ է Ձեր աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացում: Ձեր ջանքերով է նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն օրէնսդրօրէն դատապարտող առաջին պետութիւնը դարձաւ Ֆրանսան»,- փաստած է Վահրամ Դումանեան:
ԿԳՄՍ նախարարի խօսքով՝ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանը, թէեւ իր գործունէութիւնը շարունակած է Ֆրանսայի մէջ, երբեք չէ դադրած հայ ըլլալէ եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է իր արմատներուն ու հաւաքական յիշողութեան, եւ պատահական չէ, որ ան ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ է, Երեւանի պետական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր, Մատենադարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի երկարամեայ բարեկամ:
Ըստ աղբիւրի՝ Վահրամ Դումանեան շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի վաստակը հայ մշակոյթի պահպանման, հայագիտութեան զարգացման ու հանրահռչակման գործին մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի 2022 թուականի հոկտեմբեր 21-ի հրամանագրով Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսոր, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանը կը պարգեւատրէ «Մովսէս Խորենացի» մետալով:
Նշուած է, որ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան շնորհակալութիւն յայտնած է պարգեւի համար եւ ներկաներուն պատմած «Երուսաղէմը եւ հայերը» գիրքի ստեղծման գաղափարի մասին: Այն նուիրուած է հայկական Երուսաղէմին. «Գիրքին մէջ ներկայացուած են 5-րդ դարէն սկսեալ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ եւ Սուրբ քաղաքին մէջ պահուող հայկական նշխարները, Երուսաղէմի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ պահպանուող հայատառ խճանկարները, Կիլիկիոյ թագաւորներու արժէքաւոր գաւազաններ, պատրիարքարանին մէջ պահուող եւ Սալահ ալ-Տինին վերագրուող արտօնագիրը»։
Հեղինակի խօսքով՝ գիրքի կարեւորագոյն արժանիքներէն մէկը հայ ձեռագրական մշակոյթի գոհարներու բացայայտումն է։ Այն ունի ուսուցողական եւ ճանաչողական բացառիկ նշանակութիւն։ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան նաեւ նշած է, որ պատկերագիրքը հրատարակած է միջազգային ճանաչում ունեցող «Belle Lettre» հրատարակչատունը։
«Երուսաղէմը եւ հայերը» գիրքի շնորհանդէսին ներկայ եղած են նաեւ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը, ԿԳՄՍՆ մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեանը: