«Զնտուկ» մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով կայքը
Զնտուկ կայքէջը ճամբայ ելած է արեւմտահայերէն զանազան աղբիւրներ, նիւթեր, ծրագիրներ եւ գործիքներ համախմբելու եւ տրամադրելի դարձնելու միտումով։ Հիմնուելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ արեւմտահայերէնի զարգացման թափ տալու համար որդեգրուած մանկավարժական հաստատ ու փորձուած մօտեցումներու վրայ, Զնտուկը կ՚ուզէ ստեղծել հայալեզու ամբողջ տիեզերք մը, որ ծառայէ լեզուի ուսուցման եւ իւրացման, բայց մանաւանդ երեխային, պատանիին, ու անկէ անդին՝ երիտասարդ չափահասին ընկերանայ տարիներու ընթացքին, անոնց առջեւ աշխարհ մը բանալով, իր զանազան երեսակներով։
Զնտուկը համացանցային լայնածաւալ շտեմարան մըն է, ուր ընդգրկուած են աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծուած մանկավարժական արեւմտահայերէն աղբիւրներ եւ գործիքներ։ Կայքէջը կը ներկայացնէ հայերէնի ուսուցման արդիական մեթոտաբանութեամբ պատրաստուած ծրագիրներ։
Համացանցային այս կեդրոնին շնորհիւ՝ մանկավարժներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ, դպրոցներէն ներս կամ դուրս, իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան հարուստ առցանց վայր մը։ Աւելին՝ Զնտուկը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնով եւ կը ձգտին ծանօթանալ ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներուն։
Զնտուկը կ՚ընդգրկէ համացանցային հայալեզու էջեր, մանկական տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած ծրագիրներ, նաեւ՝ գրական ստեղծագործութիւններ, բառարաններ, խաղեր եւ այլ զանազան նիւթեր։ Զնտուկին մէջ կարելի է գտնել ուսուցիչներու համար պատրաստուած գրաւոր եւ լսատեսողական նոր ուղեցոյցներ, որոնց աջակցութեամբ ուսուցիչները կրնան դիւրութեամբ ըմբռնել ծրագիրներու կիրառութեան հանգրուանները եւ հիմնական մօտեցումները։
Մանկավարժական որոշ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով ստեղծուած է Զնտուկը։ Լեզուն իր ամբողջութեամբ ընդգրկուած է իբրեւ ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ զուգահեռ յառաջացող միջոց, վայր եւ եղանակ: Կայքէջը կ՚որդեգրէ երեխայակեդրոն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցում մը։ Զնտուկը միշտ պատրաստ է իր բովանդակութիւնը ընդլայնելու։ Հետեւաբար, Զնտուկին դռները բաց են իր սկզբունքներուն համապատասխանող այլ լեզուական աղբիւրներու։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի մանկավարժական եւ ուսուցողական բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն նորագոյնն է Զնտուկը: Իր ծաւալուն եւ շարունակ ընդլայնող պարունակութեամբ, կայքէջը խթան պիտի հանդիսանայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։