ԹՈՒՄՕ եւ «Անտարես» Պիտի Հրատարակեն «Մաշտոց. Ոչ Այնքան Իրական Պատմութիւն» Գծագրական Վէպը
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի Yelling Animation Studio-ն «Մաշտոց. Ոչ Այնքան Իրական Պատմութիւն» գծագրական վէպի տպագիր տարբերակը շուտով պիտի հասնի ընթերցողին։
ԹՈՒՄՕի զարգացման պատասխանատու Բեկոր Փափազեան եւ «Անտարես» հրատարակչատան գործադիր տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան ստորագրեցին նշեալ գիրքի արեւելահայերէն տարբերակը տպագրելու պայմանագիրը։ Կը մշակուի նաեւ հատորին արեւմտահայերէն հրատարակութիւնը:
Այս վէպը ստեղծուած է ԹՈՒՄՕի վերոնշեալ բաժանմունքին կողմէ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Նիւթը՝ դեռահասներ Եզնիկի եւ Կորիւնի մասին է, որոնց կեանքը արկածախնդրական ընթացք կ՛առնէ, երբ անոնք իրենց ուսուցիչ Մաշտոցի հետ կը մեկնին դժուար ճամբորդութեան: Հեղինակները կը վերապատմեն հայոց գիրերու ստեղծման պատմութիւնը պատկերագրական ձեւաչափով եւ երիտասարդ ընթերցողներու հասանելի եղանակով։
«Մաշտոցի եւ հայոց այբուբենի գիւտին այս նոր տեսանկիւնը աւելի յարաբերական կը դարձնէ նիւթը ընթերցողին համար: Ուրախ ենք, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ «Անտարես»ը մեր գործընկերներն են այս պատմական արկածախնդրութեան մէջ», ըսաւ Բեկոր Փափազեան։
«Ոգեւորուած եմ, որ շուտով ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին հետ պիտի ներկայացնենք նոր եւ եզակի գծագրական վէպ մը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին եւ ստեղծագործութեան մասին։ «Անտարես»ը միշտ կը սպասէ նոր գործընկերութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու. մենք համոզուած ենք, որ այս համագործակցութիւնը նոյնպէս պիտի յաջողի», յայտնեց Արմէն Մարտիրոսեան։
Վէպը պիտի հրատարակուի մինչեւ տարեվերջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել ԹՈՒՄՕի հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Զառա Բուդաղեանին (+374 77 332 821, zara.budaghyan@tumo.org):