Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ Համշէնի Բարբառի Մասին Նոր Գիրք Մը
Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է ծանօթ համշէնահայ մտաւորական Մահիր Էօզքանի «Համշէնցնակ. Համշէնահայերէն» վերնագրով աշխատութիւնը։
«Ակունք»ի համաձայն՝ հայերէնի Համշէնի բարբառի քերականութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած սոյն մենագրութիւնը նպատակադրած է նաեւ գիտականօրէն ապացուցել համշէնահայերէնի` հայերէնի բարբառներէն մէկը ըլլալու փաստը։
Գիրքը կ՛ուզէ վերջակէտ դնել Թուրքիոյ պետական համարկումի քաղաքականութեան հետեւանքով տարածուած այն պնդումներուն, թէ համշէնահայերէնը կապ չունի հայերէնին հետ։
Հեղինակը հատորին մէջ կը ներկայացնէ համշէնահայերէնի քերականութիւնը, բառամթերքը, ներկայիս այս բարբառը պահպանելու ճամբուն վրայ ցցուող դժուարութիւնները։ Էօզքան սոյն մենագրութեամբ կը փափաքի ո՛չ միայն լոյս սփռել Համշէնի բարբառին վրայ, այլ նաեւ՝ նպաստել անոր պահպանման։
Էօզքան հրապարակած է նաեւ «Համշէնեան Պատմուածքներ», «Արտագաղթը Փոփոխութեան Ենթարկուող Աշխարհի Մէջ», «Հարաւարեւելեան Ընտրողի Վերաբերումը» եւ այլ աշխատութիւններ։ Ան Համշէնի բարբառով թարգմանած ու տպագրած է նաեւ Անթուան տը Սենթ Էկզիւփերիի «Փոքրիկ Իշխանը» երկը։