Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններու Պատմամշակութային Ժառանգութեան Նուիրուած «ՔարՏես» Յաւելուածը Հրապարակի Վրայ Է
«ՔարՏես»ը բջիջային հեռաձայնի յաւելուած մըն է, որ մշակուած է՝ իբրեւ անհատական զբօսաշրջութեան ուղեցոյց՝ յայտնաբերելու Պոլսոյ եւ Անգարայի բազմամշակութային ժառանգութիւնը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Նորվեկիոյ դեսպանատան հովանաւորութեամբ պատրաստուած այս յաւելուածը երկլեզու է՝ անգլերէն եւ թրքերէն, եւ պատրաստուած է Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին կողմէ։
Վերջերս թարմացուած յաւելուածը կը գործածուի թէ՛ տեղացիներու, թէ՛ զբօսաշրջիկներու կողմէ եւ թոյլ կու տայ յայտնաբերելու եւ գնահատելու հայկական, հրէական եւ այլ փոքրամասնութիւններու մշակոյթը եւ ճարտարապետութիւնը այս քաղաքներուն մէջ։
Այցեվարները արուեստագէտներ են, իսկ յաւելուածին շնորհիւ կարելի է նաեւ լսել այս թաղամասերուն մէջ ապրող մարդոց կողմէ պատմուած դրուագներ։
Ցայժմ, յաւելուածը ներբեռնուած է 27,000 անգամ. իր հարուստ բովանդակութեամբ եւ գրաւիչ զանազանութեամբ, անիկա կը ներառէ առաւել քան հազար բազմամշակութային կառոյցներ՝ եկեղեցիներ, սինակոկներ եւ այլ նշանաւոր շէնքեր։ Յաւելուածը ունի նաեւ քսանեօթ յատուկ շրջապտոյտներ, ներառեալ՝ «Պոլսոյ Բազմամշակոյթ Կանանց Պատմութիւններ» շրջագայութիւնը։
Մինչ օրս յիսուն յօդուածներ, հարցազրոյցներ եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներ խօսած են «ՔարՏես»ի մասին. իսկ ընկերային ցանցերու վրայ կայն առաւել քան կէս միլիոն հետաքրքրութիւններ։
Յաւելուածը կարելի է նաեւ հեռակայ կերպով գործածել. համաճարակի օրերուն, «ՔարՏես»ի գործածութիւնը զգալիօրէն աւելցաւ, որովհետեւ անիկա առիթը տուաւ մարդոց նոր վայրեր առցանց յայտնաբերելու։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը «Հրանդ Տինք» հիմնարկին, որպէսզի յաւելուածին բովանդակութիւնը հարստանայ եւ անոր գործածութիւնը տարածուի՝ ներառելով այլ քաղաքներ։
Յաւելուածը կարելի է անվճար ներբեռնել Appstore-էն եւ Play Store-էն:
Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.youtube.com/watch?v=ZLTuH9hV74s կայքէջը։
(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնարկութենէն)