Լոյս Տեսաւ «Աշխարհի Կինը. Արմէն Օհանեան՝ «Շամախեցի Պարուհին» Հատորը
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16րդ հատորը՝ Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի Կինը. Արմէն Օհանեան՝ «Շամախեցի Պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’)։
Հեղինակները կը ներկայացնեն արտասովոր հայուհիի մը՝ պարուհի եւ գրագէտ Արմէն Օհանեանի (1888–1976) հետաքրքրական կենսագրութիւնը: Կովկաս ծնած այս կինը ծանօթ էր կէս տասնեակ լեզուներու եւ իսկապէս «աշխարհի կին» մըն էր, որ ապրած է այնպիսի ժամանակներու եւ վայրերու մէջ, ինչպէս՝ ռուսական Կովկաս, Իրանի սահմանադրական յեղափոխութիւն, «Հիանալի դարաշրջանը» (La Belle Époque) Ֆրանսայի մէջ, «Աղմկալից 20ականները» (The Roaring Twenties) Միացեալ Նահանգներու մէջ, վաղ Խորհրդային Միութիւնը, իր օրերը աւարտելով Մեքսիքայի մէջ, առեղծուածներով լեցուն կեանք մը ապրելէ ետք։
Օհանեան դերասանուհի եղած է Կովկասի մէջ, թատրոնի բեմադրիչ՝ Պարսկաստանի մէջ, գրագէտ` Ֆրանսայի մէջ, եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ՝ Մեքսիքայի մէջ, ըլլալով բազմաթիւ մշակոյթներու կամուրջ։ Ան ամէնէն աւելի հռչակուած է՝ իբրեւ պարուհի Ասիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա՝ «Շամախեցի պարուհի» եւ «Պարսիկ պարուհի» մակդիրներով։ Անոր պարերը մաս կազմած են Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի պարերու այն ալիքին, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնած պարարուեստ կը ներկայացնէին։
Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին վկայած են շատ մը յայտնի ժամանակակիցներ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ։ Անոր կեանքը անցած է երկիրներու, լեզուներու եւ մշակոյթներու սահմանները (գրած է չորս լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, իսկ գործերը հրատարակուած են առնուազն տասնչորս երկիրներու մէջ) եւ ընդգծած՝ «սփիւռք» հասկացութեան հետ միահիւսուած տարրեր, ինչպէս՝ անդրազգայնութիւն, բազմալեզուութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ հայրենիքի բազմակողմանի ըմբռնում։
Մատթէոսեանի եւ Բախչինեանի համատեղ այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու վրայ երկարած հետազօտութեան, որուն սկզբնական արդիւնքը հրատարակուած էր հայերէն հատորով մը (2007), որ այժմ կրկնապատկուած է իր ծաւալով եւ բովանդակութեամբ։ Օգտագործելով արխիւային եւ տպագիր բազմալեզու եւ բազմազան աղբիւրներու հսկայական քանակ մը՝ հեղինակները նոր էջեր կը բանան արեւելեան բեմական պարի, մշակութային եւ սեռատեսակային (gender) հարցերու, սփիւռքագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասնագէտներուն, ինչպէս նաեւ հետաքրքրասէր ընթերցողին առջեւ։
Պատմաբան եւ գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեան լայն հետաքրքրութիւններ ունի հայ դասական եւ ժամանակակից մշակոյթի ծիրին մէջ: Հրատարակած է հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն ինն գիրքեր, առաւել քան երկու տասնեակ թարգմանութիւններ եւ շարք մը խմբագրուած հատորներ։ Այժմ կը վարէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի (Նիւ Եորք) դիւանապետի պաշտօնը։
Բանասէր Արծուի Բախչինեան՝ Սփիւռքի պատմութեան եւ մշակոյթի մասնագէտ, նաեւ գրող եւ թարգմանիչ է։ Հեղինակած, խմբագրած եւ թարգմանած է շուրջ քսան գիրքեր, եւ մշտական աշխատակից է հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն պարբերականներու։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի (Երեւան) գիտաշխատող է։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայկական մատենաշարը հաստատուած է «Մ. Վիքթորիա Գարակէօզեան Գազան եւ Հենրի Ս. Խանզադեան Գազան» հիմնադրամի առատաձեռն աջակցութեամբ: Մատենաշարի գլխաւոր խմբագիրը փրոֆեսէօր Պարլօ Տէր Մկրտիչեանն է։
Հատորը կարելի է ձեռք բերել «Ապրիլ» գրատունէն, Հայկական ուսմանց եւ հետազօտութեան ազգային ընկերակցութեան (NAASR) գրախանութէն եւ Ազգային առաջնորդարանի գրախանութէն։