Լոյս Տեսաւ Արամ Ա.ի Գահակալութեան 25ամեակին Նուիրուած Յատուկ Հրատարակութիւնը
Մեր բոլորին ծանօթ համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմաններուն պատճառով երկար յապաղումէ ետք, կու գանք ուրախութեամբ յայտարարելու, որ լոյս տեսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակին (1995-2020) նուիրուած հատորը։
Հայրապետին արծաթեայ յոբելենականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ սրբազնագոյն հայրապետին 25 տարուան ծառայութիւնը՝ զանազան ոլորտներու մէջ եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ 52 յօդուածագիրներ՝ կղերականներ, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական աշխարհին մէջ պատասխանատուներ, ակադեմիկոսներ, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, գիտական եւ գրական զանազան ամպիոններու պատասխանատուներ, համալսարանի դասախօսներ, հայկական համայնքներու մէջ գործունեայ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, ի շարս այլոց, կ՛անդրադառնան նորին սրբութեան հայրապետական առաքելութեան։
Նշենք, որ հրատարակութեան խմբագրական կազմը բաղկացած է Վարուժան արք. Հերկելեանէն, Շահան արք. Սարգիսեանէն, Արտեմիս Հացագործեանէն, Վիգէն Աւագեանէն եւ Շահան Գանտահարեանէն, իսկ մեկենասութիւնը յանձն առած են տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները (Լոս Անճելըս)։
Հատորը ստանալու համար դիմեցէք կաթողիկոսարանի գրախանութը կամ այցելեցէք գրախանութին կայքը՝ www.ciliciabookstore.com։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ