Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեակին Նուիրուած «Կիլիկիա» Պաշտօնաթերթի Թիւը
ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ԱՐՑԱԽՑԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ
Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հրամանաւ լոյս տեսաւ Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» երկլեզու պաշտօնաթերթի այս տարուան առաջին թիւը (2023 թիւ 1), նուիրուած՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի յիսնամեայ յոբելեանին:
224 էջեր հաշուող գունատիպ այս թիւը կը բացուի Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով, որուն կը յաջորդեն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմերու, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազաններու օրհնութեան գիրերը՝ առ ի ոգեկոչում Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի յիսուն տարիներու հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ծառայական կեանքին։ Այս թիւը, առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային առաջնորդարանի հոգեւոր, ազգային, մարդասիրական ու մշակութային իրադարձութիւններու ներկայացման կողքին, տեղ կու տայ նաեւ քրիստոնէական, գրական, աշակերտական եւ պատանեկան նիւթերու:
Նշենք, որ ներկայ թիւի աշակերտական բաժինը կը ճոխացնեն Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտներուն գրութիւնները, իսկ առաջնորդ սրբազանի մտայղացումով՝ այդ օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Արցախէն տաղանդաւոր պատանի-պարմանուհիներ իրենց արձակ թէ չափածոյ տողերուն ընդմէջէն կ՛արտայայտեն իրենց վրդովումը եւ կսկծալի յոյզերը՝ Արցախի պատերազմի ցաւոտ իրականութեան, որբութեան, մանկական տագնապալի առօրեային մասին, առանց սակայն գիտնալու, որ Շուշի ամրոց-բերդաքաղաքի դաւադրական կորուստէն ետք, արցախցիք՝ Ատրպէյճանի բարբարոսութիւններուն դիմաց, դժբախտաբար պիտի կորսնցնէին նաեւ իրենց արծուեբոյն հայրենիքը եւ համայն բնակիչներով ապրէին ազգային սպանդ, ենթարկուելով՝ հազարամեայ իրենց հայրենիքէն ստիպողաբար հեռանալու ամէնէն սոսկալի ճակատագիրին:
Նախորդ թիւերուն նման, «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի այս թիւով եւս կը պատմուի Քալիֆորնիոյ մէջ ձեռնադրութիւններու, ծխական շրջաններու եկեղեցիներու եւ կրթարաններու ամեակներու, Ազգային վարժարաններու գործունէութիւններու, հոգեւոր տօներու, ընկերային-մշակութային նախաձեռնութիւններու, ոգեկոչական համերգներու եւ տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ հանրութեան կը ներկայացուին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի մարդասիրական բարերարութիւններն ու յատկացումները՝ մասնաւորաբար սփիւռքեան վիրաւոր գաղութներու եւ անոնց Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան:
Մեր գաղութի տարեգրութեան ուղղակիօրէն մաս կազմող այս թիւը եւս բազմաշխատ տքնաջանութեան արդիւնք է. տեղեկագրութեան կողքին՝ հոգեւոր ու ազգային պատգամներ եւ պատմագրութիւն, մշակութային ու կրթական ծաղկունք, զօրակցական, եղբայրական կեցուածքներ ու հայ-քրիստոնեայ մարդ եւ հաւաքականութիւն ի մի բերող «տեսադարան» մը, որ իր մարմնաւորումը կը գտնէ անթերի ըլլալու չափ զուլալ արեւմտահայերէնով, ինչ որ կիզակէտներէն մէկը կը կազմէ այս պաշտօնաթերթին, որուն աւարտին տեղ գտած է նաեւ անգլերէն բաժինը: