Լոյս Տեսաւ «Բագին»ի 2021ի 4րդ Թիւը
Լոյս տեսած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» գրական պարբերաթերթի 2021ի 4րդ թիւը, որուն մեծ մասը տրամադրուած է Գուրգէն Մահարիին եւ Լեռ Կամսարին։
Ստորեւ կու տանք անոր խմբագրականը․
Վերջին երեք տասնամեակներուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, հայ գրականութեան մոռցուած, անտեսուած, գրաքննուած կամ արգիլուած անուններու վերյայտնութիւն մը սկսաւ։
Այս «զարթօնք»ը կարելի է վերագրել քաղաքական հոլովոյթներու, սերունդներու հերթափոխութեան, ճաշակներու բարեշրջման թէ նորութեան որոնման, կամ թերեւս բոլորին միասին։ Ժամանակակից գրականութեան առաջ յառաջ քաշած նոր անուններուն կողքին, իրենց վաղանցուկ թէ մնայուն հանգամանքով, անցեալի էջերը երեւան հանելու աշխատանքը անհրաժեշտ կը դառնար՝ ներկայի հայեացքով անոնց ծանօթանալու եւ զանոնք քննելու համար։ Գրականութեան պատմութեան փոշիներուն տակ անյայտացած հեղինակներէն մինչեւ գզրոցներու մէջ պահպանուած գործերը, բոլորն ալ կը սպասէին բարւոք ժամանակներու գալուստին (յիշել «սթանտալեան» յիսուն տարիներու պայմանը, զոր Յակոբ Օշական կրկնած էր իր հաշուոյն), երբ առկայ գաղափարախօսական, գեղարուեստական կամ մտաւորական սահմանափակումները տեղի պիտի տային թարմ շունչի մը, որ անյայտ երկեր լոյսի պիտի բերէր եւ յայտնի երկեր նոր ձեւով պիտի կարդար։
Տասնամեակներու ընթացքին, «Բագին» բազմաթիւ առիթներով անդրադարձած է այդպիսի անուններու եւ գործերու՝ թէ՛ ծանօթացման եւ թէ՛ արժեւորման զոյգ նպատակներով։ Այս թիւին մէջ, երկու այդպիսի հեղինակներու մասին անդրադարձներ կան, երկուքն ալ՝ Ստալինի զոհերէն, երկուքն ալ՝ վանեցի, երկու երկուքն ալ՝ մօտիկ բարեկամներ։ Գուրգէն Մահարի (1903-1969) եւ Լեռ Կամսար (1888-1965) 1930ականներուն, իրենց գրական ծաղկումի օրերուն, բռնաճնշումի ենթարկուած են. Մահարի 16 տարի Սիպերիա անցուցած է երկու հանգրուաններով, Լեռ Կամսար՝ մէկ հանգրուանով, որ յետոյ դարձած է ներքին աքսոր Հայաստանի մէջ։
Երեւան վերադարձին, Մահարի վերստին մտած է բուռն աշխոյժ գրական կեանքի մէջ, մինչ Լեռ Կամսար մատնուած է բռնի լռութեան։ Առաջինը քանի մը հատոր հրատարակած է, մինչ ուրիշներ մնացած են գրաքննութեան մականին տակ։ Լեռ Կամսարի պարագային, ա՛լ աւելի դժխեմ եղած է ճակատագիրը, մինչեւ 1965ին լոյս տեսած հատորին կալանքի տակ դրուիլը, որուն վիշտը զինք մահուան առաջնորդած է։
Իրենց շառաւիղներուն տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ, Մահարիի եւ Լեռ Կամսարի գրական վիթխարածաւալ ժառանգութիւնը կարեւոր մէկ մասով արդէն հրապարակ իջած է։ Մահարիի 15 հատորանոց լիակատար ժողովածուին հրատարակութիւնը իր աւարտին կը մօտենայ՝ նամականիին նուիրուած վերջին երկու հատորներու ընդլայնումով եւ չորսի վերածումով, ինչպէս եւ ապագայ լրացուցիչ հատորի մը խոստումով։ Լեռ Կամսարէն քանի մը կարեւոր հատորներ լոյս տեսած են, եւ դեռ բազմաթիւ հատորներու անտիպ նիւթ կայ։
Վարդան Մատթէոսեան ուսումնասիրած է Գուրգէն Մահարիի եւ Պարոյր Սեւակի յարաբերութեան վերջին ժամանակաշրջանը, հրապարակելով զայն հաստատող փաստաթուղթերէն մէկը՝ 1961ին Պ. Սեւակի հարցաթերթիկը, որմէ ցարդ միայն քանի մը մէջբերումներ ծանօթ էին։ Իսկ Աւետիս Հաճեանի փորձագրութիւնը ուշագրաւ մտորումներ կը կատարէ Մահարիի՝ երկար տասնամեակներէ ի վեր թեր ու դէմ կրքոտ կարծիքներու արժանացած «Այրուող Այգեստաններ» վէպին մասին։
Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայած ու Լեռ Կամսարի վաստակին նուիրուած ծաւալուն հատորին առիթով, «Բագին»ի խմբագրութիւնը հարցազրոյց մը կատարած է գրականագէտներ Յարութիւն Քիւրքճեանի (խմբագիր) եւ Սեւան Տէյիրմէնճեանի (հրատարակիչ) հետ։