Լոյս Տեսաւ «Բագին»ի 2022ի Առաջին Թիւը
Լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» գրական պարբերաթերթի 2022ի առաջին թիւը։
Ստորեւ կու տանք անոր խմբագրականը.
«2022 թուականի գարնան, անդարձ կերպով մեզմէ բաժնուեցաւ Վահան Իշխանեանը։ Ծանօթ անուն մըն էր վերջին երեսուն տարիներու հայաստանեան գրական երկնակամարին վրայ, իբրեւ խիզախ լրագրող, ինչպէս նաեւ գրող ու մշակութային զանազան երեւոյթներու հմուտ մեկնաբան։ Հրատարակիչն էր ու մղիչ ուժը Վիոլէտ Գրիգորեանի հետ նախ «Բնագիր», ապա «Ինքնագիր» գրական պարբերականներուն, իրենց զոյգ տպագիր ու ելեկտրոնային տարբերակներով։ Վերջին տարիներուն, անոր գրութիւնները ծանօթ էին նաեւ «Բագին»ի ընթերցողներուն։ Մանաւանդ վերջին տասնամեակին իր նախաձեռնութեամբ է, որ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան «Ինքնագիր գրական ակումբ»ի հանդիպումներն ու դասախօսական շարքերը, որոնք տեղւոյն վրայ ու ու առցանց տեսագրութիւններով հանդիպման վայր մը հանդիսացան Սփիւռքի ու Հայաստանի մտաւորականներուն։ Անխոնջ ընթերցող մըն էր ու քաջածանօթ ո՛չ միայն հայաստանեան, այլ նաեւ սփիւռքեան գրականութեան հարուստ աւանդութեան։ Որպէս հրատարակիչ-խմբագիր, լոյս ընծայած էր բազմաթիւ հատորներ։ Մանաւանդ իրեն կը պարտինք վերջին տարիներուն Մարկ Նշանեանի թարգմանական հատորներէն մեծ մաս մը։ Իր կորուստով կը կորսնցնենք «Բագին»ի բարեկամ մը, ինչպէս եւ հազուագիւտ մտաւորական մը, որուն հետ կարելի էր ամէն բան խօսիլ եւ որ մանաւանդ կարդացած ու մօտէն ծանօթ էր մեր իրականութեան բազմաշերտ ու բազմաճիւղ երեւումներուն։
Կամրջող մըն է, որ կը կորսնցնենք Վահանի կանխահաս մեկնումով ու «Բագին»ի այս թիւը կը նուիրենք անոր յիշատակին։ Կու տանք նաեւ իր ձեռքով ընտրուած հատուած մը անտիպ իր վէպէն, որուն հրատարակութեան անհամբեր կը սպասէր եւ որ իր կարապի երգը պիտի հանդիսանար։
Միւս կողմէ, կ՛ողջունենք վերադարձը ծանօթ անունի մը՝ Հրազդան Զէյթլեանին։ 1980ականներու սկիզբը սփիւռքեան գրականութիւն մուտք գործեցին երիտասարդ անուններ, նախ 1984ին անանուն հատորով մը, ուր տեղ գտած էր Նոր Գրականութեան մանիֆեստը եւ որուն հեղինակներն էին Հրազդան, Միհր եւ Սեւակ, ապա 1988ին աւելի լայն խմբային հատորով մը՝ «Սէր»։ 1994ին Հրազդան իր անունին տակ խմբեց նաեւ շարք մը այլ գրութիւններ «Ռեհ» խորագրով, որմէ ետք կեդրոնացաւ ճարտարապետական ասպարէզին վրայ։ Այս թիւով, կը վերագտնենք գրողին իւրայատուկ մօտեցումն ու կիրքը հանդէպ մեր գիրին ու մտքին։
Ուրախ ենք նաեւ ներկայացնելու բանաստեղծուհի ու «Բագին»ի երկարամեայ աշխատակից Մարուշին նուիրուած բաժին մը, Յարութիւն Պէրպէրեանի վարած հարցազրոյցով ու Յարութիւն Քիւրքճեանի լայն անդրադարձով, նուիրուած անոր գրական վաստակին։ Կարօ Արմենեանէն կու տանք փունջ մը բանաստեղծութիւն, մինչ Սեւան Տէյիրմենճեան ու Վարդան Մատթէոսեան կը ներկայացնեն նորայայտ նամակներ Զաւէն Պիպեռեանէն ու Դանիէլ Վարուժանէն։ Վերջապէս, գեղարուեստական բաժնով, Րաֆֆի Աճէմեան կ՛անդրադառնայ Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, ընկալման գեղեցիկ ոճով մը։