«Խղճմտանքի Ձայներ»․ Արեւմտահայերէն թատրոն Գրիգոր Զօհրապի 160 ամեակին առիթով
Այսօր՝ 26 Յունիս,2021-ին, կը լրանայ արեւմտահայ մեծանուն գրող, «նովելի իշխան» Գրիգոր Զօհրապի ծննդեան 160-ամեակը: Յոբելեանական տարուան առթիւ «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութիւնը կ’իրականացնէ «Խղճմտանքի ձայներ. արեւմտահայերէն թատերգութիւն» նախագիծը, որ կը կրէ Գ. Զօհրապի յամանուն ժողովածուի խորագիրը: Նախագիծը կ’իրագործուի ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դրամաշնորհային ծրագրի աջակցութեամբ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Գրիգոր Զօհրապի «Խղճմտանքի ձայներ» ժողովածուէն ընտրուած է «Փոստալ» նորավէպը եւ վերածուած թատերական գործի: Առաջնախաղը 13 Յունիսին տեղի ունեցած է Յովհ. Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ: Ներկայացում նախատեսուած է նաեւ 28 Յունիսին:
Զօհրապեան նովելի թատերականացումը միտուած է արեւմտահայերէնի պահպանմանն ու տարածման: «Արեւմտահայերէնը միայն դասաւանդելով եւ աշակերտներ ունենալով պահպանելն ու տարածելը բաւարար արդիւնաւէտ չեն, իսկ թատերական գործունէութեան միջոցով այն լսելի ու հասանելի դարձնելը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է»,– ըսած է նախագիծի ղեկավար Աւետիս Ափոշեանը՝ աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը թերեւս հիմք դառնայ ապագային Գրիգոր Զօհրապի անուան արեւմտահայերէնի թատրոն հիմնելու համար:
Նախագիծի շրջածիրէն ներս կը նախատեսուին թատերական ներկայացումներ նաեւ ՀՀ մարզերուն մէջ: Յուլիսին մարզային առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Արմաւիրի մարզի Էջմիածին քաղաքին մէջ, յաջորդը՝ Վանաձորի մէջ: