«Կիւլպէնկէան Հիմնարկ»ի նախաձեռնութեամբ. Հայկական սփիւռքի հարցախոյզի 4-րդ փուլը պիտի մեկնարկէ
Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը այս գարնան պիտի իրականացուի Միացեալ Նահանգներու (յատկապէս Նիւ Եորք/Նիւ Ճրզի, Միշիկըն, Լոս Անճելես) եւ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի հայկական համայնքներուն մէջ:
Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը (ՀՍՀ) Գալուստ Կիւլպէնկեան hիմնարկութէան նախաձեռնութիւնն է, որ կը գործէ Լոնտոնի հայկական հիմնարկի հովանիին ներքոյ, խումբ մը մասնագէտներու եւ հետազօտողներու առաջնորդութեամբ:
Հետազօտութիւնը արժէքաւոր պատկերացում կու տայ սփիւռքի հասարակական կարծիքի եւ բազմաթիւ հարցերու շուրջ մարդոց միտքերու վերաբերեալ: Այն փաստահեն գիտելիք կը տրամադրէ հանրութեան եւ օգտակար տուեալներ` համայնքներու անդամներուն ու առաջնորդներուն, ի թիւս այլոց, ինչ որ թոյլ կու տայ աւելի լաւ հասկնալ ու վերլուծել համայնքները` մանաւանդ ծրագրերու եւ նախագիծերու մշակման համար:
Ինչպէս կը բացատրէ ՀՍՀ տնօրէն եւ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանը․ «Հետազօտութեան ընթացքին հարցուողներէն կը փորձենք իմանալ անոնց տեսակէտներն ու կարծիքը ինքնութեան, ինչպէս նաեւ պատկանելութեան այլ խնդիրներու վերաբերեալ` որպէս հայեր եւ որպէս տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ: Այլ թեմաներու շարքին են լեզուն եւ մշակոյթը, եկեղեցին եւ կրօնը, համայնքային ներգրաւուածութիւնը, եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները»:
Միացեալ Նահագներու եւ Օնթարիոյի մէջ (Գանատա) բնակող ոեւէ հայ, որու 18 տարեկանը լրացած է, կրնայ Մայիս 6-էն առցանց լրացնել հարցաթերթիկը` այցելելով www.armeniandiasporasurvey.com: Անոնց համար, որոնք կը փափաքին առձեռն լրացնել, հասանելի պիտի ըլլան տպագիր հարցաթերթիկներ:
ՀՍՀ-ը մեկնարկած է 2018-ին, նախնական հետազօտութիւն կատարելով չորս համայնքի մէջ՝ Պոսթոն, Գահիրէ, Մարսէյլ եւ Փասատենա: Յաջողութեան հասնելով` 2019 թուականին հետազօտուած են եւս չորս համայնք ` Արժանթին, Լիբանան, Գանատա (Մոնթրէալ) եւ Ռումանիա, իսկ 2021 թուականին` Պելճիքա, Բրիտանիայ, Փարիզ եւ Տոնի Ռոսթով:
2018 եւ 2019 թուականներու ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները հրապարակուած են առանձին-առանձին: 2019-ի ուսումնասիրութիւնը հասանելի է հայերէն, անգլերէն եւ սպաներէն: Բոլոր զեկոյցները կարելի է անվճար ներբեռնել ՀՍՀ կայքէջէն` https://www.armeniandiasporasurvey.com:
Աղբիւրը՝ Արեւելք