Հայագզի գերմանալեզու գրողին վէպը նուիրուած պոլսահայերու կենցաղին
Օրերս լոյս տեսած է գերմանուհի լրագրող, գրող՝ Լաուրա Քուիերթնիայի «Փողոցը մեզ այլ կերպ կ’անուանեն» անդրանիկ վէպը, ըստ հեղինակին, անիկա հայ ընտանիքներուն մէջ չպատմուածներու եւ լռելու մասին է: Գրքին մասին անդրադարձած է Արծուի Բախչինեան «Ազգ»-ին մէջ
Ան գրած է՝ գերմանական «Տի ցայթ» շաբաթաթերթի լրագրող՝ Լաուրան ծնած է Պրեմեն Գերմանիա, 1987 թուականին, ան պոլսահայ հօր եւ գերմանուհի մօր զաւակն է: Ըստ անոր՝ աւելի շատ պատահականութեան շնորհիւ էր, որ ինքը գեղարուեստական լեզուով շարադրած է իր ընտանիքի հայկական կողմի չորս սերունդներու պատմութիւնը նախ յօդուածի, ապա՝ վէպի ձեւով: Վէպի գլխաւոր հերոսներն են Գարլան, անոր հայ հայրը՝ Աւին եւ հայ մեծ մայրը՝ Մարիամը: Հայաշխարհի բազմաթիւ մանրամասնութիւնները, նրբերանգներն ու յղումները իր արձակ խօսքին մէջ ներառելու համար Լաուրա Քուիերթնիա բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է, նաեւ շատ բան իմացած հօր բանաւոր պատմութիւններէն: Վէպին մէջ փոխնիփոխ կը հերթագայեն ներկան եւ անցեալը, կը վկայակոչուին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 1955 թուականի Սեպտեմբերի Պոլսոյ մէջ հայերու եւ յոյներու հանդէպ կատարուած բռնութիւնները, երբ մոլեգնած թուրք ամբոխը կրկին ջարդուփշուր ըրած է քրիստոնեաներու խանութները եւ սպաննած մարդիկ: Վէպի վերնագիրը՝ «Փողոցը մեզ այլ կերպ կ’անուանեն» նախադասութիւնը, կ’ըսէ Մարիամի մայրը՝ բացատրելով աղջկան պաշտպանուելու անհրաժեշտութիւնը:
«Անուններու անհետացումը հայոց պատմութեան մեծ մասն է,- կ’ըսէ Քուիերթնիա:- Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ գիւղեր կը կրեն ոչ թէ իրենց հայկական անունները, այլ թրքական: Եւ շատ հայեր փողոցը այլ անուններով կը ներկայանան, որպէսզի ոչ բոլորը իմանան իրենց հայ ըլլալը…»: