Հայաստան՝ Փարիզի «Ֆիլեքս» Դրոշմաթուղթերու Տօնավաճառի Պատուոյ Հիւր
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 30 Մայիսէն 1 Յունիս Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Փարիզի հեղինակաւոր «Ֆիլեքս» դրոշմաթուղթերու երկամեայ տօնավաճառին՝ իբրեւ այս տարուան պատուոյ հիւր։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը տօնավաճառին կը ներկայանայ առանձին տաղաւարով մը՝ ցուցադրելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ հայոց այբուբենը պատկերող հայկական դրոշմաթուղթերու լաւագոյն նմուշները եւ հաւաքածոները։
Տօնավաճառի շրջանակին մէջ, գեղաթերթիկներու եւ դրոշմաթուղթերու ներկայացման հանդիսաւոր արարողութիւններու միջոցով կը մեծարուին նաեւ հայազգի երեք մեծ դէմքեր՝ Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժումի առաջնորդ Միսաք Մանուշեան, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր եւ անուանի երաժիշտ Միշէլ Լըկրան։ Անոնց նուիրուած գեղաթերթիկները եւ դրոշմաթուղթերը հրապարակուած էին նախորդ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, Ֆրանսայի նամակատան կողմէ՝ անոնց յոբելեաններու նշումի տարբեր առիթներով։
Հայաստանի մասնակցութիւնը կարելի դարձած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսայի նամակատան ու «Հայփոստ»ի միջեւ սերտ համագործակցութեան շնորհիւ: