Հայաստան մասնակցած է Վենետիկի Պիենալէին՝ «Ղարիպ» տաղաւարով
Վենետիկի ժամանակակից արուեստի 59-րդ միջազգային պիենալէին տեղի ունեցած է Հայաստանի տաղաւարի պաշտօնական բացումը, որուն մասնակցած են ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը (հայաստանեան տաղաւարի յանձնակատար) եւ ԿԳՄՄ նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեանը (հայաստանեան տաղաւարի համակարգող):
Պիենալէին ներկայացուածէ ՀՀ ԿԳՄՄ-ի կողմէ հայաստանեան տաղաւարի համադրողի եւ արուեստագէտներու մրցոյթի արդիւնքով յաղթող ճանչցուած «Ղարիպ» նախագիծը
Ապրիլ 23-ին «Տը Միլք օֆ Տրիմզ» («The Milk of Dreamsէ) խորագրի ներքոյ տեղի ունեցաւ Վենետիկի ժամանակակից արուեստի 59-րդ միջազգային պիենալէի բացումը: Պիենալէն, որուն կը մասնակցին շուրջ 80 երկիրներու արուեստագէտներ, հանրութեան համար պիտի գործէ 2022-ի Ապրիլ 23-էն Նոյեմբեր 27: Այն տեղի կ’ունենայ երկու տարին մէկ անգամ, որուն Հայաստանը կը մասնակցի տարիներէ ի վեր:
Վենետիկի պիենալեն կը հանդիսանայ ժամանակակից արուեստի ամենահեղինակաւոր հարթակներէն մէկը, որուն կը մասնակցին միայն պետական կազմակերպութիւններու (նախարարութիւններու, արուեստի խորհուրդներու) կողմէ ներկայացուած եւ երաշխաւորուած արուեստագէտները: Պիենալէի կազմակերպութիւն-կոմիտէին կողմէ առաջարկուած` Վենետիկի այգիներուն եւ պալատներուն մէջ կը ներկայացուին ազգային տաղաւարներ, որոնք կը ցուցադրեն տուեալ երկրի ժամանակակից արուեստը:
Վենետիկի արուեստի 59-րդ միջազգային պիենալէին Հայաստանի մասնակցութիւնը կարեւորագոյն իրադարձութիւն է․ այն կը խթանէ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ համագործակցութիւնն ու մշակութային կապերը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ այլ գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան սերտացման, նոր կապերու եւ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման` կարեւորելով Հայաստանի ազգային մշակոյթը միջազգային հեղինակաւոր հարթակին մէջ ներկայացնելու գործընթացի իրականացումը: