Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. (41դ) Հատորի Շնորհանդէսը Պէյրութի Մէջ
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. հատորի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան մշակութային կցորդ պ. Դաւիթ Ալլավերդեանի, հայագիտութեամբ շահագրգռուած մշակութասէր հիւրերու եւ Հանդէսի խմբագրակազմին:
Ըստ սովորութեան սրահին կեդրոնը զետեղուած էին Հանդէսի 40րդ, 41րդ եւ յիսնամեակի յոբելեանական հատորները, ինչպէս նաեւ համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանի անցնող տարի ձեռք բերած հայագիտական հրատարակութիւններու փունջ մը:
Բացման խօսքին մէջ, խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան ողջունելով ներկաները, ի միջի այլոց ըսաւ. «տեսլապաշտութեան միւս երեսը անցելապաշտութիւնն է, հաստատակամ չըլլալը բախտախնդիր ըլլալ է, յանձնառութեան հակառակն ալ պարտուողականութիւնն է: …Ասոնք չենք կրնար ըլլալ, որովհետեւ հայագիտութեան, գիրին ու մշակոյթին, պատմութեան ու արուեստին կը ծառայենք, կ’օժանդակենք, նուիրուած ենք բոլորս որ հոս ենք, եւ անոնք՝ որ սիրտով մեզի հետ են»: Ան մատնանշեց որ Հանդէսի հանրային վերջին շնորհանդէսը կայացած էր 2018ին, եւ «2019էն 2021, մեզի հարուածած բազմապիսի աղէտներուն մէջ լոյս ընծայեցինք 3 հատոր Հանդէս, հրատարակեցինք 2164 էջ հայագիտական նիւթ, ի մի բերինք 77 աշխատակից՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Սփիւռք-արտասահմանէն: Որակական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Հանդէսին ձեւաչափը. գրութիւնները բաժնուեցան ըստ տեսակի եւ նիւթերու: Զգալիօրէն աւելցաւ սփիւռքահայ աշխատակիցներուն թիւը, նուազեցաւ աշխատակիցներու միջին տարիքը… այստեղ պիտի գտնէք յօդուածներ համավարակին, տեղեկատուական պատերազմի, տնտեսական տատանումներու, ներառական կրթութեան, ներգաղթող հայերու խնդիրներուն մասին. թերեւս առանց որոշիչ խօսքի, բայց գէթ իբրեւ գիտական սկզբունքներով դրուած հիմնաքար՝ յետագայ ուսումնասիրութիւններու»: Դոկտ. Իւրնէշլեան ընդգծեց յոբելեանական հատորին արժանիքը, թէ ան խտացուցած է «համալսարանի հայկական եւ հայագիտական երեսակը՝ ամբիոնով, Հանդէսով, Տէրեան գրադարանով, Սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոնով, հրատարակչատունով, հրապարակային գործունէութիւններով եւ ցուցահանդէսներով» եւ թէ ան կ’ընդգրկէ նաեւ Հանդէսի 40 հատորներու մատենագիտութիւնը: Անդրադառնալով հայագիտութեան շարունակման, Իւրնէշլեան, մատնանշեց թէ «…Կան … քիչ, բայց հաւատաւոր մարդիկ, որոնց համար ”մարդ ոչ միայն հացիւ…”ը համոզում, աշխարհայեացք, կենսակերպ ու նպատակ է: Անոնք կը ստեղծեն գիտութիւն ու գրականութիւն, կը յօրինեն արուեստ, որպէսզի պատերազմի ու սղաճի, պայթումներու ու տագնապներու մէջ հոգին ու միտքը մնան անաղճատ: Հայագիտութիւնը փոր չի կշտացներ, բայց միտք կը լուսաւորէ, անցեալը փորփրելով ներկայի հարցումներուն պատասխան կը գտնէ ապագային համար: Իսկ մեր ներկան որքա՜ն հարցումներ ունի…»: Իւրնէշլեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ «Սիրով կ’ընծայենք ձեզի մեր աշխատանքին հունձքը՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի երկրորդ յիսնամեակի առաջին հատորը»:
Իր խօսքին մէջ, Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան անդրադառնալէ ետք Հանդէսի բարոյահոգեբանական ներուժին, յուշեց թէ «1990էն իվեր Հանդէսը ամէն տարի ոգեւորիչ ղօղանջ կը հաղորդէ, որով շատեր կը ներշնչուին ու կ’ամրապնդուին Հանդէսի հայագիտական բարի գործի շարունակման լրատուութենէն»: Ան առանձնացուց Հանդէսին բերած նպաստը գիտական հայերէնի մշակման, հայագիտութեան սահմանումին գործնական ընդարձակումին՝ շեշտելով թէ «41րդ այս հատորին յօդուածներուն շուրջ 30 տոկոսը կը վերաբերի 1995էն ետքի նիւթերու. ընթերցողը հոս կը հանդիպի իր կենսագործունէութեան շրջանին վերաբերող ուսումնասիրութիւններու: Ասոնք նոր ընթերցողներ կը ներգրաւեն, հայագիտութիւնը կը թարմացնեն, կը դարձնեն աւելի ընդգրկուն եւ ժամանակակից, ապահովելով նաեւ շարունակման նոր գործօններ»: Ան հաւաստեց թէ «այսօր, հայագիտութեամբ զբաղող արտասահմանցի հայագէտներու շուրջ մէկ-երրորդ մը աշխատակցած է Հանդէսին…», անդրադարձաւ Հանդէսին հաստատութենականացման գործընթացին, լեզուական, բովանդակային թէ այլ գիտական ազատականութեան, ընդգծեց Հանդէսին ունեցած դերը՝ իբրեւ գիտական յօդուածագրութեան դարբնոց, հայագէտներու միջեւ հաղորդակցական ցանց յառաջացնող միջոց, եւ բնութագրեց Հանդէսին աւանդ դարձած խմբագրականները իբրեւ «վերջին շուրջ քսանհինգ տարիներու հայագիտութեան տրամախօսութեան համագումար»: Դոկտ. Տագէսեան փակեց իր խօսքը ըսելով. «հայ իրականութիւնը կ’ապրի անկիւնադարձային վճռական հանգրուան. կացութիւնը առաւել վտանգալից կը դառնայ համաշխարհային առողջապահական, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային այլ տագնապներու շեշտաւորումով, նոր աշխարհակարգի գործընթացով: Հետեւաբար, հայուն կը մնայ աւելի քան երբեւէ սրատես խորաթափանցութեամբ եւ առարկայական ազգային առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ վերատեսութեան ենթարկել, վերաքննարկել, ծանր ու թեթեւ ընել իր օրակարգերը, գործելաոճը մանաւանդ վարուելակերպային մօտեցումներն ու վերաբերումը իր ձեռք զարկած եւ իրեն առնչուող հարցերուն: Այսօր արտակարգ դրութեան մէջ ենք եւ այդ արտակարգ դրութիւնը արտակարգ միջոցներ եւ միջոցառումներ կը հրամայէ: Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի այս խմբագրականը սրտցաւօրէն եւ խրամատաւորուածի հանգամանքով ատիկա կ’ահազանգէ»:
Պարագաներու բերմամբ բացակայ հիւր բանախօսին՝ Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն դոկտ. Գրիգոր Արշակեանի խօսքը ընթերցեց ՀՀ դեսպանատան մշակութային կցորդ պ. Ալլավերդեանը:
Իր գիրին մէջ դոկտ. Արշակեան կ’ըսէր. «Համաշխարհայնացման եւ աշխարհաքաղաքական սրընթաց վերափոխումների ժամանակաշրջանում առաւել է կարեւորւում ազգային արժէքների պահպանում ու փոխանցումը յետագայ սերունդներին: Այդ առումով վիթխարի դեր են կատարում հայագիտական կենտրոններն ու հանդէսները, որոնց շարքում առանձնանում են Հայկազեան Համալսարանն ու իր հայագիտական հանդէսը,- զոր ան նկատեց,- մեր պատմութեան արժէքաւոր տարեգրքերից, [որոնք] ոչ միայն ունեն գիտական մեծ նշանակութիւն, այլեւ հայապահպան կարեւոր առաքելութիւն… նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի միջոցով է զարգանում եւ ամրապնդւում համագործակցութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ օտարազգի գիտնականների միջեւ հայագիտութեան բնագաւառում»:
Դոկտ. Արշակեան անդրադարձաւ հայագիտութեան մարտահրաւէրներուն. «Սփիւռքի համար շարունակում են առաջնային մնալ բազում մարտահրաւէրներ, որոնցից կարեւոր տեղ են զբաղեցնում նաեւ հայագիտութեանը վերաբերող հիմնախնդիրները: Առկայ է ֆինանսական խնդիրների պատճառով հայագիտական կենտրոնների փակման, նոր հայագէտների պատրաստման, հայագիտական կենտրոնների միջեւ համագործակցութեան հաստատման, զարգացման, այդ ոլորտում միասնական ծրագրերի մշակման եւ իրագործման խնդիրը, եւ աւելցուց,- ներկայումս անչափ կարեւոր է հայագիտական հետազօտութիւնների օգտագործումը քարոզչական նպատակներով, հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը միջազգային հանրութեանը գւիտականօրէն ներկայացնելը, հայոց պատմութեան խեղաթիւրումների կանխումը, երիտասարդ սերնդին կրթելու անհրաժեշտութիւնը…»: Հուսկ ան հայագիտութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն համար առաջարկեց մշակել հայագիտութեան զարգացման նպաստող գործիքակազմեր, մասնաւորապէս.-
«ՀՀ կառավարութեան կողմից մշակել եւ իրագործել հայագիտութեան արդի եւ հեռանկարային հիմնահարցերին նուիրուած գիտական ծրագրեր:
Խորացնել համագործակցութիւնը հայաստանեան եւ արտերկրի հայագիտական կենտրոնների միջեւ, համակարգել հայագիտական կենտրոնների աշխատանքը:
Պարբերաբար կազմակերպել եւ անցկացնել հայագիտութեանը նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ, կլոր սեղան-քննարկումներ:
Աշխատանքներ տանել հայագիտութեան ոլորտում համապատասխան մասնագէտների պատրաստման, հայագիտական ժամանակակից դպրոցի ստեղծման, հայագիտական հաստատութիւնների արդիականացման ուղղութեամբ:
Հայոց պատմութիւնը կեղծարարութիւնից զերծ պահելու նպատակով կատարել համատեղ հետազօտութիւններ հայոց պատմութեան, մշակոյթի, լեզուաքաղաքականութեան վերաբերեալ եւ հրատարակել նաեւ օտար լեզուներով»:
Վստահութիւն յայտնելով թէ Հանդէսը եւ Հայաստանի Ազգային Արխիւը կը ձեռնարկեն համագործակցութեան, դոկտ. Արշակեան անգամ մը եւս ողջունեց Հանդէսը եւ անոր սատար հանդիսացոծ անձերն ու հաստատութիւնը:
Փակման իր խօսքին մէջ, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Հայտօսթեան ընդգծեց թէ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը «Հսկայական եւ շնորհաւորելի աշխատանք մըն է, որ կը նորոգուի իր տեսիլքով եւ ուսումնասիրութիւններու ծիրով տարուէ տարի», գնահատեց խմբագրակազմն ու անոր «կանոնաւոր աշխատանքը եւ այն առողջ եւ լուրջ ակադեմական մթնոլորտը որ անոնք ստեղծած են միասին»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր բանախօս դոկտ. Արշակեանին եւ Հայաստանի Ազգային Արխիւին մաղթեց շարունակական զարգացում:
Վեր. Հայտօսթեան ընդգծեց. «21րդ դարը, որ քիչ ժամանակ առաջ կը նկատուէր յետ-արդիական շրջանի էջը դարձնողը, արդէն կու տայ ծերացումի նշանները: Այսօր կը խօսուի digimodernismի կամ թուային արդիականութեան մասին, նոյնիսկ new materialismի՝ նոր նիւթապաշտութեան դարու մը մասին: Ուրեմն գիտութիւններն ու ուսման մարզերը նաեւ արագասլաց փոփոխութեան մէջ կը գտնուին:
Վերջին տասնամեակներուն գետին կորսնցուցած կարգ մը գիտութիւններ փոխարինուած են ուրիշներով: Գետին կորսնցուցած էր պատմագիտութիւնը, դասական լեզուներու ուսուցումը, ընկերաբանութիւնը, եւ ասոնց նմանները: Համալսարանական մասնագիտութիւններու ցուցակին առաջին 25ին մէջ երկու ընկերային գիտութիւններ կը նկատուին միայն՝ հոգեբանութիւնն ու մանկավարժութիւնը, բայց ոչ հումանիտար գիտութիւնները: Cybersecurity, software engineering եւ նմանները տեղ գտած են հոն:
Այս փաստը յիշելով, պարզապէս կը ներկայացնեմ այն մաղթանքը որ հայագիտութիւնը եւ մեր Հանդէսը շարունակեն ներգրաւել նոր գիտութիւնները, յատուկ ջանք թափեն պեղելու այն լուրջ լեզուագիտական եւ պատմագիտական աշխատանքները, բայց մանաւանդ քաջալերեն multidisciplinary բազմաուսմունքային կամ interdisciplinary միջուսմունքային ուսումնասիրութիւնները, նամանաւանդ հայատառ եւ արեւմտահայերէն օգտագործող աշխատասիրութիւնները»: Հուսկ, ան աւարտեց իր խօսքը նշելով, թէ «ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հանդէսի շնորհումը հանրութեան կը սեպենք տօնական եւ կը շնորհաւորենք բոլորը»:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ունեցան Հանդէսի նորագոյն երեք հատորներէն օրինակներ, ապա բարեկամական զրոյց ծաւալեցին բակը, հիւրասիրութեան սեղանի շուրջ:
Ձեռնարկը կարելի է դիտել Եու Թիուպի վրայ, հետեւեալ հասցէով.- https://youtu.be/VIHCEWUBHc4 .