Հանդիպում 33 տարի անց. կայացաւ «Իմ հայ երեխաները» վէպի շնորհահանդէսը
Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է գերմանա-ամերիկեան գրող, լրագրող Լոիզ ֆիշըր-Ռուժի «Իմ հայ երեխաները» փաստավաւերագրական գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը։ Գիրքը 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն տուժած ու Մոսկուայի «Հանրապետական մանկական կլինիկական հիւանդանոց» տեղափոխուած խումբ մը հայ երեխաներու բուժման յուզիչ պատմութիւնն է։
Գիրքը գերմաներէնով հրապարակուած է 1989-ին, երբ հեղինակը Գերմանիայէն մեկնած է Մոսկուա՝ երկրաշարժը լուսաբանելու, եւ մտերմացած այնտեղ բուժուող հայ երեխաներու հետ՝ դառնալով անոնց մօրաքոյր Լոիզը։
Աւելի քան 30 տարի անց գիրքը թարգմանուած է հայերէն։ Շնորհահանդէսին Շիրակի մէջ ներկայ եղած են գիրքի հեղինակը, հայ երեխաները, որոնք հիմա հասուն մարդիկ են, եւ զանոնք բուժող ռուս բժիշկները։
Մորաքոյր Լոիզի հետ հանդիպումը նոյնքան ջերմ էր, որքան 30 տարի առաջ Մոսկուայի մէջ էր, երբ գրող, լրագրող Լոիզ Ֆիշըր-Ռուժ Գերմանիայէն եկաւ Մոսկուա՝ լուսաբանելու Գիւմրիի երկրաշարժէն տուժածներու պատմութիւնները: Ան մտերմացաւ Ռուսիոյ մէջ բուժուող հայ փոքրիկներուն հետ: Գրի առաւ իր տպաւորութիւններն ու վերածեց գիրքի՝ «Իմ հայ երեխաները» վերնագրով, որուն մէջ վաւերագրած է բազմաթիւ յուզիչ պատմութիւններ:
Գիրքը հրատարակուած է երկրաշարժէն մէկ տարի անց՝ 1989 թուականին Գերմանիոյ մէջ, գերմաներէնով։
«Յուզուած եմ ու շատ ուրախ, որ տարիներ անց՝ այսօր, այստեղ կը տեսնեմ իմ բոլոր հայ երեխաները առողջ ու մեծցած. երջանկութիւն է, անպատմելի երջանկութիւն».- իր խօսքին մէջ նշած է գիրքի հեղինակը:
Գիրքի շապիկին «Ուաշինկթըն թայմզ»-ի՝ աղէտը խորհրդանշող լուսանկարն է։ Խօսուն հայեացքով փոքրիկ աղջիկներէն մէկը Ազնիւ Նասլեանն է։ Ան նոյնպէս մօրաքոյր Լոիզի «հայ երեխաներէն» է։
Գիրքի հայերէն տարբերակը լոյս տեսած է «Դարակ» հրատարակչութեան կողմէ: Հայերէն թարգմանութեան նախաձեռնութիւնը թարգմանչուհի, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վանուհի Բաղմանեանինն է։