Հնդկական Diplomatist Վերլուծական Ամսագիրին՝ Հայաստանի Նուիրուած Թիւին Շնորհահանդէսը
24 Մայիսին, Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան մասնակցեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած Հնդկաստանի արտադրողներու դաշնակցութեան (FIEO)՝ Հնդկաստան-Հայաստան համաժողովին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հնդկական Diplomatist միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական ամսագիրին՝ Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւին շնորհահանդէսը:
Դեսպանը իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամական յարաբերութիւններու վերջին շրջանի զարգացումներուն, փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդարձակուող բնագաւառներուն, աճ արձանագրող Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշներուն եւ երկրին ներդրումային բարենպաստ պայմաններուն:
Ամսագիրին մէջ տեղ գտած են հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ, որոնց մէջ կը ներկայացուին Հայաստանի «Ակադեմական քաղաք» ծրագիրին, կրթական, մշակութային, առեւտուրի եւ տնտեսական բնագաւառներուն, Հայաստան-Հնդկաստան գործակցութեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան գրաւչութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ու պարզաբանումներ։