Հրապարակի վրայ է Քեսապահայ մտաւորականի նոր աշխատութիւնը՝ «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն»
Օրերս Երեւանի մէջ հրապարակուած է Քեսպահայ լեզուաբան, բանասէր եւ կրթական մշակ՝ Յակոբ Չոլաքեանի նոր «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն» խորագրեալ հատորը։
Այս մասին գրառում մը կատարած է ինք հեղինակը՝ Յակոբ Չոլաքեան, որ մասնաւորապէս գրած է ՝
«Վերջապէս, երկու հատորով լոյս տեսաւ տարիներու աշխատասիրութիւնս՝
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
(Edith print, Երեւան, Ա. հատոր, 646 էջ, Բ. հատոր, 607 էջ)
Հրատարակութիւնը իրականացաւ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ:
Աշխատասիրութեանս խմբագիրը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը պատրաստողն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆը:
Գիրքը ունի երկու մաս. Ա. մասը կը կոչուի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՏԵՂԱԲԱՇԽՄԱՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱԱՆ ԳՈՐԾԻՆ, որ գաղութի կազմաւորման եւ զարգացման ընդհանուր համապատկերին վրայ կրթութեան նուիրուած լայն ուսումնասիրութիւն մըն է (Ա. հատոր, էջ 19-381), Իսկ երկրորդ մասը՝ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ, ուր 18 աշխարհագրական շրջանակներու մէջ հանրագիտարանային տուեալներով կը ներկայացուին շուրջ 100 բնակավայրերու մէջ գործած ու գործող աւելի քան 240 ամենօրեայ վարժարան՝ յիշատակելով նաեւ տուեալ շրջանակին մէջ գործող կիրակնօրեայ, գիշերային, երեկոյեան, կոյրերու, յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու, արուեստի (երաժշտութիւն, պար, նկարչութիւն եւ այլն) եւ արհեստի վարժարանները:
Աշխատանքը օժտուած է քարտէզներով, պատճեններու եւ նկարներու բաժինով:
Մեծապէս շնորհակալ եմ սուրիահայ դպրոցներու խնամակալութեանց, հոգաբարձութեանց, տնօրէնութեանց, գրադարաններուն, ուսումնական, հոգեւոր, վարչական մարմիններուն եւ բոլոր անհատներուն, որոնք ընդառաջեցին եւ օգտակար եղան նիւթեր հաւաքագրելու աշխատանքիս մէջ եւ դաշտային պրպրտումներս արդիւնաւէտ դարձուցին:
Սուրիահայ նոր դպրոցը, առանց հաշուելու միջնադարու կրթութեան եւ գրչութեան կեդրոնները , երկու դարէն ի վեր (առաջին դպրոցը կը յիշուի 1810-ին), բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով մեծ դեր կատարած է հայապահպանման գործին մէջ ու հիմա եւս կը շարունակէ իր անփոխարիների առաքելութիւնը:
Հայ դպրոցին հոգ տանիլ կը նշանակէ սիրել մեր զաւակները»։