Մեծարանքի Երեկոյ՝ Նուիրուած Յակոբ Չոլաքեանի 75-Ամեակին
Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հիւրընկալ յարկէն ներս, խումբ մը քեսապցի եւ մուսալեռցի երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը, նուիրուած՝ վաստակաշատ մանկավարժ եւ ուսուցիչ, լեզուաբան, հայագիտութեան անխոնջ նուիրեալ, բանասէր, բարբառագէտ, պատմաբան, ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով:
Արդարեւ, Յակոբ Չոլաքեանի մեր ներկայ իրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկն է, որ անցնող շուրջ յիսուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին նուիրուած է հայագիտութեան՝ իր բոլոր ճիւղերով:
Երկար տարիներ զբաղած է ուսուցչութեամբ, եւ հազարաւոր աշակերտներ ունի աշխարհով մէկ տարածուած: Իր աշակերտ-աշակերտուհիները, իր գործընկերներն ու պաշտօնակիցները միշտ կը վկայեն իր պարզութեան, միաժամանակ մեծութեան մասին, շեշտելով յաճախ, որ Յակոբ Չոլաքեանին կը պարտին հայերէն լեզուի եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին նկատմամբ իրենց ունեցած սէրն ու հետաքրքրասիրութիւնը:
Մեծարանքի երեկոն անցաւ բացառապէս ժողովրդային մթնոլորտի մը մէջ: Երեկոյին մասնակցող հանդիսականները բերկրանք ապրեցան մասնակից դառնալով գեղարուեստական ճոխ յայտագիրին: Երեկոյի հանդիսավարութիւնը կատարեցին Վահան Մանճիկեանն ու Դալար Քալլուկեանը: Յայտագիրի ընթացքին ներկայացուեցաւ յոբելեարին կենսագրական գիծերը, թերթիս աշխատակից՝ Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեանը ներկայացուց Չոլաքեանի վաստակը, Օփերայի երգչուհի՝ Լուսինէ Օրտուխանեանը օրօրոցայիններ եւ «Կ՚երթամ չեմ կայնիր» երգերով հանդէս եկաւ: Յայտագիրի ընթացքին արտասանուեցաւ նաեւ յոբելեարի համագիւղացի՝ բանաստեղծ Վրէժ Գլընճեանին գրած մէկ բանաստեղծութիւնը՝ «Ահա՛ մէկը վերջապէս» խորագիրով՝ Պարոյր Սթանպուլեանի կատարողութեամբ, որ նուիրած է Չոլաքեանին: Ինչպէս նաեւ Չոլաքեանի գիրքերէն մի քանի հատուածներ ընթերցուեցան՝ Սալբի Սաղտըճեանի եւ Յակոբ Չոլաքեանի (յոբելեարին զաւակը) կողմէ: Տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն՝ Անտիոքի տարածաշրջանի քարտէսը, Քեսապի եւ Մուսա լերան նկարներով միասին, պատրաստութեամբ՝ Աւօ Գրիգորեանի: Ցուցադրուեցան նաեւ տարբեր գաղութներէ ստացած դրուատիքի ու գնահատանքի խօսքեր՝ ուղղուած Յակոբ Չոլաքեանին: Ընթերցուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Տ. Մակար Եպսկ. Աշգարեանի օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը: Բանաւոր խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն՝ Արսէն Բոբոխեան, արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան, Մուսա լերան հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի անդամ՝ Հեղինէ Պապոյեան, յոբելեարին համագիւղացի՝ Փառէն Յովսէփեան, Մուսա լերան հայրենակցական միութեան նախագահ՝ Պերճ Ղազարեան, որ պարգեւատրեց Յակոբ Չոլաքեանը միութեան շքանշանով ու պատուոյ գիրով, ապա Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար՝ Պետրոս Դեմիրջեան յոբելեարին յանձնեց միութեան կողմէ ուղղուած պատուոյ գիրը, ապա կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ Չոլաքեանին փոխանցուեցաւ յուշանուէր մը:
Հուսկ՝ իր սիրտի խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Չոլաքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նման ժողովրդային հանդիսութեան մը կազմակերպումին համար, կարեւորեց իր աշակերտներուն ունեցած դրական դերակատարութիւնը իր մասնագիտական ճանապարհորդութեան ընթացքին, որոնցմէ շա՜տ բաներ սորված է: Անդրադառնալով սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի դերակատարութեան մասին՝ Չոլաքեան շեշտեց, ըսելով. «Առանց դպրոցի եւ եկեղեցիի չէր կրնար հայութիւնը գոյատեւել, եւ կը մոռնար Հայրենիքի ճամբան: Սփիւռքի դպրոցը մեզի յաւիտենապէս ցոյց կու տայ Հայրենիքի ճամբան»: Խօսելով մայրենիի կարեւորութեան մասին, Չոլաքեան հաստատեց, թէ՝ «ես հաւատացած եմ, որ լեզուն մեր գրպանը գտնուող անձնագիրէն շա՛տ աւելի կարեւոր է: Այդ լեզուն մեր շուրթերուն վրայ հնչող հայերէնն է, քանի հայերէն կայ, կը նշանակէ կա՛նք մենք»: Իսկ իր կատարած աշխատանքներուն մասին խօսելով՝ նշեց. «Ես ինչ որ ըրի՝ անհրաժեշտութեան համար ըրի: Ինքնաբուխ ըրի այն՝ ինչ որ կրցայ ընել», եւ՝ «կարծես թէ բան ըրած չեմ, դեռ նոր պիտի սկսիմ…»: