Միհրան Թումաճան՝ Կոմիտասի Արժանաւոր Սանը


Այս տարի կը լրանայ արեւմտահայ երաժշտական կեանքի արժանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Միհրան Թումաճանի մահուան 50ամեակը։ Ան ի սպառ կորուստէ փրկեց հարիւրաւոր երգեր, որոնք յօրինած էր հայ շինականը իր դարաւոր հայրենիքի տարածքին՝ փաստօրէն շարունակելով իր ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ գործը։
Միշտ բարետես, կոկիկ հագուած եւ սովորաբար աղուոր ժապաւէն մը վզին, ան կը զբօսնէր իր եղբօրորդիին՝ մեր շատ սիրելի ամերիկահայ ընկերոջ՝ Տիգրան Թումաճանի հետ։ Շատեր սովոր էին այս տեսարանին, յատկապէս Աբովեան փողոցի կրպակներու վարիչները, որոնք մօտենալով զոյգին, կը հարցնէին. «Ինտո՞ր էք, մայեսթրօ»։ Այն աստիճան բնորոշ էր այս զոյգը, որ «Հայրիկ» շարժապատկերի բեմադրիչը տեսարան մը նուիրած էր «հայր եւ որդի» նկատուող Թումաճաններուն։
Սփիւռքահայ ուսանողներուս, ինչպէս առհասարակ Երեւանի երաժշտասէր հասարակութեան համար, ան Կոմիտաս Վարդապետի կենդանի ներկայութիւնն էր։ Արդարեւ, Միհրան Թումաճան Կոմիտասի հինգ յայտնի սաներէն էր, ինչպէս Բարսեղ Կանաչեան, որոնց վրայ հայր սուրբը առանձին առանձին ջանք թափած էր, որ շարունակեն իր սկսած գործը։ Թումաճանին բախտ վիճակուած էր բանահաւաքութիւնը։ Երկար ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք լոյս տեսան այդ նիւթերուն երեք ժողովածուները։
Միհրան Թումաճան ծնած է 1890ի Հոկտեմբեր 21ին, Արեւմտեան Հայաստանի Կիւրին քաղաքը (Սեբաստիոյ գաւառ, այժմ՝ Սվազ)։ Կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ, իսկ 1913ին աւարտած է տեղւոյն համալսարանը։1910-1915ին երգած է Կոմիտասի «Գուսան» երգչախումբէն։ Այս տարիներուն է, որ Կոմիտաս յատուկ դասընթացքով մը զայն կը պատրաստէ որպէս երաժշտական գործիչ։ Ցեղասպանութենէն ետք, Կոմիտասի սաները զիրար կը գտնեն 1918ին ու կ՛որոշեն շարունակել իրենց ուսուցիչին գործը։ Երիտասարդ Միհրանը իր ճիւղին մէջ մասնագիտանալու նպատակով երկու տարի՝ 1920-1922ին, կ՛ուսանի Փարիզի մէջն։
1923ին Թումաճան կը մեկնի Ամերիկա, ուր կը հիմնէ «Հայ Երգ» ընկերութիւնը, որ հասարակութեան առջեւ հանդէս կու գայ Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի խմբերգերու կատարումով։ Միաժամանակ, Թումաճան մեծ բծախնդրութեամբ կը հաւաքէ ու կը մշակէ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներէ Ամերիկա հաստատուած հայութեան բեկորներու երգն ու երաժշտութիւնը։
Հայրենադարձութեան վառ օրինակ մը հանդիսացաւ Միհրան Թումաճան, երբ 1966ին իրականացուց իր երազը եւ հաստատուեցաւ Խորհրդային Հայաստան, ուր շրջապատուեցաւ երաժիշտներով ու արհեստավարժ կատարողներով։ Հայրենի պետութիւնը զայն ապահովեց թոշակով եւ կոկիկ բնակարան մըն ալ տուաւ Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Երեւան» պանդոկին մէջ (այժմ՝ «Գրանդ Թիւլիփ»)։ Հայաստանի Գիտութիւններու կաճառի արուեստի հիմնարկը Թումաճանի համար հնարաւորութիւն ստեղծեց հանգիստ պայմաններու ներքոյ հրատարակութեան պատրաստել տասնամեակներու ընթացքին անոր հաւաքած գործերը, եւ այսպէս լոյսին կու գան անոր «Հայրենի Երգ Ու Բան» վերնագրով, չորս ժողովածուները 1973էն 2005ի միջեւ:
Կը փրկուին հարիւրաւոր տոհմիկ երգեր ու երաժշտական կտորներ։ Թումաճաններու թանկագին «հաբաբըր»ը (հօրեղբայր) կը սիրէր կրկնել. «Ես հասկցայ, որ իմ աշխատանքներս գնահատողները հո՛ս են»։
Միհրան Թումաճան վախճանեցաւ 1973ի Հոկտեմբեր 28ին, Երեւանի մէջ։ Հայրենի պետութիւնն ու երաժշտական աշխարհը յաւուր պատշաճի պաշտօնական յուղարկաւորութիւն մը կազմակերպեցին եւ անոր յոգնատանջ մարմինը ամփոփուեցաւ Նուպարաշէնի պանթէոնին մէջ։
Տողերուս հեղինակը ներկայ էր վերջին հրաժեշտին։ Անձրեւոտ օր էր եւ ներկաները երկինք նայելով կը հառաչէին. «Երկինքն էլ է լալիս», մէկն ալ աւելցուց. «Իր ուսուցչի ու սաների արտասուքն է, որ թափւում է երկնքից…»։
Կ՛արժէ այս պահուն յիշել բնութեան սարքած անակնկալը։ Երբ աշնանային անձրեւին տակ թափօրը գերեզմանատուն կը հասնէր, յանկարծ անձրեւը կտրուեցաւ եւ մարդիկ սկսան զարմանքով զիրար դիտել ու մեկնաբանել։ Ներկաներէն մէկը, որ բաւական տարիքը առած մտաւորական մըն էր եւ ականատես եղած էր Կոմիտասի թաղումին, հետեւեալը ըսաւ.
– Հրաշքներ պատահել են, պատահեց եւ հիմա։ Արդարեւ, Կոմիտասի յուղարկաւորութեան պահին էլ անձրեւոտ էր եղանակը, իսկ երբ մօտեցանք Երեւանի պանթէոնին, անձրեւը դադարեց եւ երկինքը մի պահ դէմքը ցոյց տուեց… Սա զուգադիպութիւն չէ, սա հրաշք։ է
Եւ իրօք, թաղման պահուն, մայրամուտի արեւի վերջին շողերը ինկած էին քառագագաթ Արագածի վրայ…
Միհրան Թումաճան ընտանիք չէր կազմած, այլ իր եղբօր զաւակները ընդունած էր որպէս իր հարազատ զաւակները, վերջիններս ալ կը գուրգուրային իր վրայ որպէս իրենց հայրը։ Այդպէս կը վարուէր եղբօրորդին՝ Տիգրան Թումաճանը (մահացած 2022ին, Տիթրոյիթ)։ Տիգրան իր «հաբաբըր» հօրեղբօր հետ կ՛ապրէր եւ պահապան հրեշտակի պէս կը հետեւէր անոր ամէն քայլին։ Բնաւորութեամբ ալ նման էին․ յատկապէս զուարթախօս էին երկուքն ալ։
Առաջին անգամ, երբ Տիգրան զիս ծանօթացուց «Կոմիտասի սանին»՝ ըսաւ. «Հաբաբըր, «իշտէ» ա՛ս է Միհրանը, որուն մասին միշտ կը պատմեմ քեզի…»։ Այն ատեն, «հաբաբըր»ը պոլսական զուարթամտութեամբ մը հարցուց. «Կարգուա՞ծ ես, տղաս»։ Ժխտական պատասխանս ստանալէն ետք աւելցուց.
– Ուրեմն դո՛ւն ալ անկարգ ես…
Այսօր արժանի կերպով իր անունը կը կրէ Տիգրանի որդին՝ Միհրան Թումաճանը, որ ատեն մը Հայկական համագումարի Լոս Անճելըսի բաժնի վարիչն էր եւ կը շարունակէ իր ներդրումը բերել ԹՄՄէն ներս։
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լոս Անճելըս