Միջազգային Գիտաժողով. «Չարենցը եւ Գիւմրին»
Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս, 9 Սեպտ., 2022-ին, տեղի պիտի ունենայ «Չարենցը եւ Գիւմրին» խորագրով միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին:
Գիտաժողովը կը կազմակերպուի ՀՀ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի, Շիրակի մարզային գրադարանի եւ «Շիրակի պետական համալսարան» հիմնադրամի կողմէ:
Կազմակերպիչներու կողմէ փափաք կայ, որ Չարենցի մասին արեւմտահայերէնով զեկոյցներ եւս հնչեն, անկախ «Չարենցը եւ Գիւմրին» թեմայէն:
Սփիւռքէն մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ տեսագրութեամբ, կամ ուղիղ առցանց կապի միջոցաւ:
Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս գալու դիմումներու եւ զեկուցումներու ընդունման վերջնաժամկէտն է՝ 15 Օգոստոս, 2022: