Նիւ Եորքի Հանրային Գրադարանին Մէկ Բաժանմունքը Կը Կոչուի Վարդան Գրիգորեանի Անունով
Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի Մարդկային գիտութիւններու կեդրոնը պաշտօնապէս անուանակոչուեցաւ ամերիկահայ պատմաբան Վարդան Գրիգորեանի անունով։
Վարդան Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է սոյն գրադարանի վերականգնումին, անոր նախագահը հանդիսանալով 1981էն 1989։ Գրիգորեանի ղեկավարութեան տակ, գրադարանը համաշխարհային ճանաչում ստացաւ։
Կեդրոնը բաղկացած է չորս ընդհանուր ուսումնական դասասենեակներէ եւ երկու սրահներէ։ Անիկա ունի նաեւ ծրագրային այլ տարածք մը հետազօտական նոր միջոցառումներու համար, որոնց ընթացքին կը գործածուին գրադարանի հաւաքածոները:
Գրիգորեան ծնած է 1934ին, Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ եւ փոքր տարիքին գացած է Պէյրութ եւ աւարտած տեղւոյն Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Ան ուսումը շարունակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ մասնագիտացած պատմութեան եւ մարդաբանութեան ոլորտներուն մէջ: 1997էն մինչեւ իր մահը՝ 2021ին, ան հեղինակաւոր «Քարնըկի» հաստատութեան նախագահն էր: Ան 2015ին, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ հիմնած էր «Օրորա» բարեսիրական հիմնարկը: 2004ին ան արժանացած էր ամերիկեան ամէնէն բարձր քաղաքացիական շքանշանին՝ «Ազատութեան» մետալին: