Նորա Մարտիրոսեանի նոր ժապաւէնը պսակներ կը խլէ
Բեմագիր Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտի» ժապաւէնը Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգի 19-րդ միջազգային փառատօնին (PIFF) շահած է Մահարաշթրայի կառավրութեան «Պրապհատ» մրցանակը, լաւագոյն միջազգային ֆիլմի համար:
Յիշեցնենք, որ այս ժապաւէնը Ֆրանսայի (SISTER Productions), Հայաստանի (anEVA Production) եւ Պելճիքայի (Kwassa Films) համատեղ արտադրութիւնն է:
Նշենք, որ սա բմադրիչի առաջին երկարամեթրաժ խաղարկային ժապաւէնն է: Փոքր դերեր վերցուցած են` Նարինէ Գրիգորեան, Արման Նաւասարդեան, Վարդան Պետրոսեան եւ այլք: Ֆրանսացի քննիչ մը` Ալեն (Grégoire Colin) Ստեփանակերտ կու գայ ստուգելու համար, թէ նորակերտ օդակայանը կը համապատասխանէ՞ միջազգային չափանիշներու: Այդ լոկ (եւ անկեղծ ըսած` անհամոզիչ) պատրուակ մըն է, գեղարուեստական հնարք մը: Ժապաւէնին իսկական բներգը օտար անձի մը ծանօթացումն է գողտրիկ երկրի մը, որ նշուած իսկ չէ քարտէսներու վրայ: Ալեն կ՛որոշէ օգնել, որ այն բացուի դուրսի աշխարհին: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ ժապաւէնի բեմագրութեան վրայ սկսած է աշխատիլ տասը տարի առաջ: Ուզած է Հայաստանի ժողովուրդը ներկայացնել ոչ որպէս թշուառ հաւաքականութիւն, այլ` կեանքով եւ իմաստութեամբ լեցուն, դարաւոր մշակոյթի տէր, ժամանակակից աշխարհին իրազեկ եւ բաց ժողովուրդ: Ծանուցողական կարճ երիզներուն մէջ նկատեցի տպաւորիչ պատկեր մը: Երբ հիանալի բնութեան խորապատկերի առջեւ ֆրանսացին քալելով կը մօտենայ համեստ օդակայանին, ճամբան կ՛երկճիւղուի: Երկճիւղման կէտին վրայ կը տեսնէ հայ պատանի մը: Ֆրանսացին կը կանգնի: Անտեսել պատանին եւ շարունակել իր յանձնարարութի՞ւնը, թէ՞…: