Շիրակի մարզային գրադարանը «Լաւագոյն նորարար գրադարան»ի մրցանակակիր
2004 թուականէն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշմամբ 7 Հոկտեմբերը կը նշուի որպէս «Գրադարանավարի օր»: Այս տարի օրուան նուիրուած միջոցառումները կ’իրականացուին «Ժամանակիդ շունչը դարձի՛ր» կարգախօսով՝ նուիրուած հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին:
Գրադարանավարի օրուան նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս գրադարանային ոլորտին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի եւ երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան համար ոլորտի նուիրեալները պարգեւատրուած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան շնորհակալագրով եւ պատուոգրով: Հայաստանի գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ 7 Հոկտեմբերին կայացած միջոցառման պարգեւները յանձնած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը:
Նախարարի տեղակալը ողջունած է ներկաները եւ նշած, որ գրադարանային ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ պայմաններուն մէջ իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ոլորտի աշխատակիցներուն՝ նուիրումի եւ շնորհակալ աշխատանքի համար:
«Գրադարանային ոլորտի սիրելի՛ աշխատակիցներ, շնորհակալ եմ ձեր աշխատանքի համար: Ոլորտում առկայ խնդիրների համատեքստում էլ աւելի է ընդգծւում այն փաստը, որ գրադարանավարը, գրքի պահպանման եւ գրքի մշակոյթի տարածման ոլորտի մարդիկ ամենալաւատեսն են, որովհետեւ դուք ունէք ճգնաւորին յատուկ հաւատարմութիւն, հետեւողականութիւն, հաւատ ձեր գործի եւ առաքելութեան հանդէպ: Մենք ապրում ենք շատ բարդ ժամանակներում. գրադարանի աշխատակիցը բարդ ժամանակների հսկայական պատմական փորձ ունի, բայց ամենամեծը գրքի պահպանութեան փորձն է: Միջնադարեան մեր սուրբ հայրերի, մեր գրիչների արիւնն է հոսում ձեր երակներում, նրանցով ձեւաւորուած գիտակցութիւնն է արմատացած ձեր մէջ»,-ըսած է Արա Խզմալեան եւ շնորհաւորած ոլորտի աշխատակիցները՝ անոնց մաղթելով ամենայն բարիք եւ անսպառ լաւատեսութիւն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած են 2022 թուականի «Լաւագոյն գրադարան» խորագրով մրցոյթի ամփոփումն ու մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը:
Նշենք, որ 2022 թուականին մրցոյթին մասնակցած են 27 պետական, համայնքային եւ այլ կազմակերպութիւններու գրադարաններ:
«Լաւագոյն մարզային» գրադարան անուանակարգին մէջ յաղթած է Լոռիի մարզային գրադարանը, «Լաւագոյն մասնագիտական գրադարան» անուանակարգին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը, «Լաւագոյն գիտակրթական գրադարան» անուանակարգին՝ Հայ-ռուսական համալսարանի գրադարանը, «Լաւագոյն նորարար գրադարան» անուանակարգին՝ Շիրակի մարզային գրադարանը, «Լաւագոյն համայնքային գրադարան» անուանակարգին՝ «Շառլ Ազնաւուրի անուան գրադարաններու կեդրոնացուած համակարգը», «Լաւագոյն դպրոցական գրադարան» անուանակարգին՝ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի «Տիգրան Հայրապետեան» գրադարանը:
Պատուոգրերու արժանացած են՝ Սիւնիքի մարզային գրադարանը, Վայոց ձորի մարզային գրադարանը, Ջերմուկի քաղաքային գրադարանը, Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքի ակումբագրադարանային միաւորումը, Գեղարքունիքի մարզի Գեղարքունիք գիւղի միջնակարգ դպրոցի գրադարանը:
Մրցոյթի նպատակներն են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գրադարաններու լաւագոյն աշխատանքի խրախուսումը եւ հանրայնացումը, դիտարժան փորձի վերհանումը, գրադարանի ու գրադարանավարի դերի ամրագրումը: