Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ բացուած է իտալական գրականութեան բաժին
Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեանը, ՀՀ-ի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալֆոնսօ Տի Րիզոյի, դեսպանութեան եւ մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ ներկայ գտնուած է Շիրակի մարզային գրադարանի իտալական գրականութեան բաժնի բացման։
Ողջունելով ներկաները` մարզպետը նշած է, որ կը կարեւորէ համագործակցութիւնը եւ ուրախալի համարած, որ գործակցութիւնը գործնական բնոյթ կը կրէ. «Ուրախալի է, որ մարզային գրադարանի հիմնադրման յոբելենական տասներորդ տարում բացւում է իտալական գրականութեան բաժինը, իտալական գրականութեան այս հատուածը մեր համագործակցութեան եւ պայմանաւորուածութիւնների տրամաբանական շարունակութիւնն է, պարոն դեսպան, շատ ուրախ եմ, որ մեր նախորդ հանդիպման ժամանակ բարձրացուած հարցերի իրակամացմանը երկուստեք ջանք ենք ներդրել։ Դուք շատ արագ արձագանգեցիք մեր առաջարկութեանը եւ իտալերէն լեզուի խորացուած ուսուցման հարցը Գիւմրիում` առաջիկայում կը կարողանանք լուծել։
Ինչ վերաբերում է այսօրուան, ապա պէտք է փաստեմ, որ Շիրակի մարզային գրադարանը կրթական, գիտական, քաղաքակրթական, մշակութային կեդրոն է եւ այս նոր նախաձեռնութիւնը կարեւոր է մեզ համար»։
Ներկաները ողջունած եւ համագործակցութեան նոր հեռանկարներու կարեւորութեան մասին խօսած է ՀՀ-ի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալֆոնսօ Տի Րիզոն։
Բացման արարողութեան յաջորդած է ճազ համերգ`մաէսթրօ Վիթորիօ Մեցցայի կատարմամբ։