Ոսկեբերան Արզումանեան՝ ազգային զործիչ եւ մտաւորական
Ոսկեբերան Արզումանեան վկայուած է Պէյրութի ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց կաճառէն՝ ստանալով հայագիտական եւ արեւելեան ընկերաբանութեան վկայականներ: Ապա՝ շարունակելով իր ուսումը, ստացած է նոյն համալսարանի իրաւաբանական եւ տնտեսագիտական բաժանմունքէն առեւտրական հաստատութիւններու վարչագիտական վկայականը:
Ո. Արզումանեան իր ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, 1956էն սկսեալ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն:
Ան յաջորդաբար նշանակուած է Լիբանանի Հայոց թեմի տնտեսական խորհուրդի անդամ, եւ վարած է ազգային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի ատենապետութիւնը, մէկէ աւելի անգամ: Բազմիցս ընտրուած է Ազգային վարչութեան Քաղաքական ժողովի ատենապետ: 1963էն սկսեալ եղած է Լիբանանի թեմի պատգամաւոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Ընդհանուր ժողովին, եւ 1965էն ետք եղած է անդամ Լիբանանի թեմի Ազգային Գաւառական ժողովին, որուն ատենապետը ընտրուած է 1987էն մինչեւ 1995:
Ո. Արզումանեան չորս անգամ իբրեւ պատգամաւոր, մաս կազմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ հայրապետներու կողմէ առաքուած պատգամաւորութեանց դէպի Ս. Էջմիածնի, Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետին մօտ, երկու աթոռները յուզող տարակարծութիւնները քննարկելու առաջադրութեամբ:
Այժմ կը ներկայացնենք հատուածներ Ո. Արզումանեանի հարցազրոյցէն, որ այդ օրերուն կատարուած է «Ազդակ» օրաթերթի հետ:
—
Օրերս գեղեցիկ եւ շնորհաշատ նախաձեռնութեամբ մը սկսած է գործել Ոսկեբերան Արզումանեանը յիշատակը պանծացնող պաշտօնական կայքէջ մը։
Այս մասին իմացանք համացանցէն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ վաղ 1960-ականներէն եւ մինչեւ իր մահը՝ 2007 թուական Ոսկեբերան Արզումանեան եղած է Լիբանանահայ ազգային-հասարակական կեանքի կարեւոր եւ ազնուական ներկայացուցիչներէն մին։
Ան վարած է պատասխանատու բարձր պաշտօններ ու երկար ժամանակով ալ վարած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետի պաշտօնը։
Եղած է հաւատարիմ գործակիցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու նաեւ պարգեւատրուած Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Ի դէպ աւելիով արժեւորելու համար նուիրեալ գործիչին յիշատակը անոր զաւակները գլխաւորութեամբ ազգային գործիչ-հրապարակագիր Տօքթ. Վարգէս Արզումանեանին հիմնադրած են յատուկ հիմնադրամ մը, որուն նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Հայկական Վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն, փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ։
Կայքը ունի նաեւ արխիւային, հրատարակչական, ինչպէս նաեւ լուսանկարներու բաժին մը, ուր լոյսին կը տրուին Ոսկեբերան Արզումանեանի անցած ճանապարհը, անոր հրապարակած հատորները, գործունէութեան կարեւորագոյն դրուագները եւ անշուշտ հաւատամք-սկզբունքները։
Երբեմնի ոսկեդար ապրած եւ այսօր խոր տագնապներու մէջ տուայտող լիբանանահայութեան երկնակամարին վրայ երեւացած, փայլած եւ իր աւանդը թողած Ոսկեբերան Արզումանեան իրաւամբ , իր անունով ապրած անձնաւորութիւն էր, իր էութեամբ վեհ եւ ազնուութեամբ աներեր մեծահոգի հայ մը։