«Չարենցը եւ Գիւմրին» խորագրով գիտաժողով Գիւմրիի մէջ
Շիրակի մարզային գրադարանի պատերը կը լսէին եւ կը շնչէին Չարենց։ Չարենցեան տարուան ծիրէն ներս Շիրակի մարզային գրադարանի եւ ՀՀ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի համատեղ ուժերով, 9 Սեպտեմբեր 2022-ին կազմակերպուած էր «Չարենցը եւ Գիւմրին» խորագիրը կրող գիտաժողով։ Գիտաժողովին մասնակիցները, գրադարանագէտներ ու լեզուաբաններ, ոչ միայն Գիւմրիէն էին, այլեւ մայրաքաղաքէն, տեսակապով` նաեւ Միացեալ Նահանգներէն:
Միջոցառման ներկայ էր Շիրակի մարզի մարզպետի տեղակալ Կ. Մանուկեանը։
ՀՀ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ա.Հայրապետեանը եւ Շիրակի մարզային գրադարանի տնօրէն Գ. Ամիրեանը իրենց ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւորեցին եւ ողջունեցին նմանատիպ միջոցառումներու գրադարանին մէջ կայացումը։ Գիտաժողովի հիմնական զեկուցողը եւ սպասուած հիւրը չարենցագէտ Դաւիթ Գասպարեանն էր (ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտ), որ հետաքրքիր ու դեռ քիչ յայտնի շատ իրողութիւններ պատմեց Չարենցի կեանքի ու ստեղծագործութիւններու մասին։ Ուշագրաւ նորութիւններէն մէկը Չարենցի մահուան վերաբերեալ վարկածներու շուրջ էր, այն, որ Չարենցին բանտին մէջ չեն սպանած. հայ Պառնասի աստղ Չարենցի մահը բանտին մէջ կապուած չէ սպանութեան հետ։
Հեռակապով ԱՄՆ-էն գիտաժողովին մասնակցող (ԱՄՆ-ի ՀԳՄ վարչութեան քարտուղար) արձակագիր Մարկարիթ Դերանցի զեկուցման թեման «Միսթիք Չարենց»-ն էր: Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի աշխատակից Անուշ Թասալեանը խօսեցաւ Չարենցի «Կապկազ թամաշա» ստեղծագործութեան մասին, գրաքննադատ Կարինէ Մարտիրոսեանը ( Հայաստանի ԳՊԱ Գիւմրիի մասնաճիւղ) ` «Նիւթեր Չարենցի կազմած դասագրքերից» ժողովածուի մասին, ՀԳՄ Շիրակի բաժանմունքի քարտուղար Անդրանիկ Կարապետեանի խօսքը «Եղիշէ Չարենց-Կարսիա Լորքա. անհատի անձնական եւ անանձնական ողբերգութիւնն ու տրաման» թեմայով էր: Ինքնատիպ էր բանաստեղծուհի Ռոզա Յովհաննիսեանի «Իւրաքանչիւրին`իր Չարենցը» մեկնաբանութիւնը (ՀՀ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոն ),նոյն կեդրոնի աշխատակցուհի լեզուաբան Յասմիկ Մատիկեանը ներկայացուցած է «Օրօր բառանուանման իմաստային դրսեւորումները Ե. Չարենցի բանարուեստին մէջ» իր ուսումնասիրութիւնը, որ դրուատանքի արժանացաւ Դ. Գասպարեանի կողմէ : Գիտաժողովը նորովի բացայայտեց Չարենց բանաստեղծը թէ՛ որպէս մարդ, թէ՛ որպէս ստեղծագործող։
Աւարտին Շիրակի մարզային գրադարանի աշխատակիցը ներկաներուն տեղեկացուց, որ շուտով ընթերցողի սեղանին պիտի դրուի մարզային գրադարանի գրքային հաւաքածուներու եւ պարբերական մամուլի հրապարակումներու հիման վրայ Չարենցին նուիրուած յանձնարարական մատենագիտական ցանկ:
Գիտաժողովը յաջողած նախաձռնութիւն էր ի նպաստ փոխհամագործակցութիւններու ամրապնդմանն ու ընդլայնման: