Պոլսոյ Մէջ՝ Հրանդ Տինքին Նուիրուած Զրոյցներու Շարք
11 Յունուարի առաջին զրոյցի խորագիրն էր՝ «Իրողութեան յուշագրութիւնը»։ Այս խորագիրով Սենա Պաշէօզ եւ Նեսլիհան Քոյունճու Պալի բացատրութիւններ տուին 23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրի պատրաստութեան եւ հիմնադրութեան գործընթացին մասին։ Վկայութիւններ փոխանցուեցան Հարաւային Ափրիկէի մէջ կատարուած նման նախաձեռնութիւններէ։
Յաջորդ օրը, «Իրողութիւնը արխիւաւորել» խորագիրին տակ, Զէյնեփ Թաշքըն պատմեց Հրանդ Տինք հիմնարկի հիմնադրութեան հետ զուգահեռ ժամանակագրութեամբ Հրանդ Տինքի արխիւի մը կազմութեան ոդիսականը։
Թերթերի կտրօններէ, լուսանկարներէ, վիտէօ ժապաւէններէ, Հրանդ Տինքի անձնական իրերէ բաղկացած այդ արխիւի ձեւաւորման մէջ բազմաթիւ կամաւորներ, յատկապէս համալսարանական երիտասարդներ բաժին ունեցան։ Այդ գործընթացը տակաւին կը շարունակուի։ Իւմիթ Քըվանճի հեղինակած «Յիշողութիւնը Անբաւարար» խորագիրով վաւերագրական ֆիլմին 5 տարի տեւած պատրաստութիւններուն մասին պատմեց Նորայր Օլկար։
«Ակօս»ի նախկին խմբագրապետ Ռոպէր Քոփթաշ պատմեց Ռայմոն Գէորգեանի եւ Փոլ Փապուճեանի հեղինակած «Նախքան 1915 Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» խորագիրով գիրքին հրատարակչութեան պատմութիւնը։ «Այսօր կ՛ապրինք Հրանդին բացակայած աշխարհի մը մէջ։ «Ակօս»ի հրատարակուեամբ տեսանք, որ առանց համայնք հասկացողութեան սահմանափակումներուն, ուրիշ մարդոց հետ ալ շփուելով կարելի էր թուրքիացի հայ ըլլալ» ըսաւ Ռոպէր Քոփթաշ։
Շաբաթ, 13 Յունուարին,, այս անգամ Հազալ Էօզվարըշի ժողովավարութեամբ՝ լրագրողներ Էլիֆ Աքկիւլ, Ճանան Ճոշքուն եւ Եդուարդ Տանձիկեան ոճիրին յաջորդող դատավարութիւններուն ընթացքին, լրագրողի իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին լսարանին։ Անոնք յատկապէս անդրադարձան 2016ին մեկնարկած եւ դատուած պետական պաշտօնեաներուն երկրորդ հանգրուանի վկայութիւններուն։ Անոնք ընդգծեցին, թէ ինչպէ՛ս դատակազմը յամառօրէն կը մերժէր Տինք ընտանիքի փաստաբաններուն հարցաքննութիւնը ծաւալելու միտող պահանջները։
Երկուշաբթի, 15 Յունուարին, Պարըշ Ալթընթաշ, Պիւլենթ Այտըն եւ Միլենա Պիւյիւմ, Զէյնեփ Սունկուրի ժողովավարութեամբ՝ պատմեցին Հրանդ Տինքի դատավարութիւններուն վերաբերող իրենց անձնական փորձառութիւնները։
Այստեղ, Պարըշ Ալթընթաշ ընդգծեց Հրանդի Ընկերները հարթակին կարեւոր դերակատարութիւնը։ Միլենա Պիւյիւմ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու դատական նիստերուն մասնակցութեան նշանակութեան անդրադառնալով՝ նշեց որ այս տեսակի մասնակցութիւնները կարեւոր են իրաւաբանական գայթակղութիւնները կանխելու եւ թափանցիկութիւն ապահովելու առումով։
Պիւլենթ Այտըն, որ շատերուն ծանօթ է՝ իբրեւ Հրանդի Ընկերները հարթակի խօսնակ, երախտիքով նշեց լրագրող Այտըն Էնկինի եւ փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուի պայքարը։ Ան իր խօսքերը եզրափակեց՝ յիշատակման միջոցառումներուն մասնակցութեան հետզհետէ նուազելու պատկերը մեկնաբանելով։ «Այդ նուազումը նիւթի հանդէպ ուշադրութեան նուազում մը չէ, այլ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը»։
16 Յունուարին, այս անգամ փաստաբաններ Ֆեդհիյէ Չեթին եւ Հիւլյա Տեւեճի ելոյթ ունեցան եւ երախտիքով յիշեցին ողբացեալ փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուի մեծ ներդրումը։ Մանաւանդ Չեթին մանրամասնութիւններով պատմեց, թէ ոճիրին՝ պետական որոշումով մը գործադրուելու ապացոյցները որոնք են։ Ան նշեց, որ ոճիրը նախ վերագրուեցաւ «Էրկենեքոն» կոչուող խմբակին։ Ապա, քաղաքական զարգացումներու զուգահեռ, այս անգամ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ֆեթուլահ Կիւլենի աղանդը։ «Իրողութիւնը այն է, որ ոճիրէն ետք, փաստեր քօղարկողները եւ կեղծ փաստեր հնարողները բոլորն ալ պետական պաշտօնեաներ էին» ըսաւ Ֆեդհիյէ Չեթին։
Հիւլյա Տեւեճի իր կարգին շեշտեց նոյն իրողութիւնը՝ նշելով, որ հարցաքննութեան մէջ ներառուած 85 ամբաստանեալներուն մեծամասնութիւնը կը կազմէին պետական պաշտօնեաները։
«ԱԿՕՍ»