Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը
Նոյեմբեր 9-ին Պրիւքսէլի մէջ՝ «Ֆլաժէ» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ի նշանաւորում տասներեք երկիրներու դափնեկիրներուն։ Անոնց շարքին է հայ տաղանդաւոր գրող Արամ Պաչեանը իր «P/F» փորձարարական վէպով:
Նախաձեռնութեան նպատակն է եւրոպական ժամանակակից գեղարուեստական գրականութեան ստեղծարարութեան եւ բազմազանութեան վրայ լոյս սփռելը, Եւրոպայի մէջ գրական աշխատանքներու շրջանառման խթանելն ու անդրազգային գրական աշխատանքներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն շարժելը։
Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուցչութիւնը պատիւ ունեցաւ մրցանակը Արամ Պաչեանի անունէն ստանալու վերջինիս՝ Պրիւքսէլի մէջ չգտնուելուն պատճառաւ։ Այս մասին յայտնեցին Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն։
Աղբիւր՝ «Հայերն Այսօր»