Վահէ Թէմիզճեան` «Աշխարհի լեզուն» հաղորդաշարի կնքահայրը
Սուրիահայ լրագրող, թարգմանիչ եւ երաժշտական քննադատ Վահէ Թէմիզճեան հեղինակն էր Սուրիական ձայնասփիռի «Աշխարհի լեզու» հանրաճանաչ հաղորդաշարին, որ կը հեռարձակուէր ամէն օր, մէկ ժամ տեւողութեամբ: Հաղորդաշարը այնուհետեւ պատկերասփիւռէն կ’ունենար մեծ թիւով հետեւորդներ թէ՛ Սուրիայէն եւ թէ օտար երկիրներէ. ատոր լաւագոյն փաստը ձայնասփիւռի կայանին ստացած նամակներու մեծ քանակն էր:
Վահէ Թէմիզճեան ծնած է 5 Յուլիս 1945-ին, Սուէյտա, Սուրիա: Արմատներով Ուրֆացի էր մեծ հօր եւ մեծ մօր կողմէն, յաճախած է հայկական դպրոցներ: Շրջան մը ապրած է Պէյրութ եւ յաճախած երաժշտանոց՝ կիթառի եւ երգեցողութեան բաժինը, հեռանկար ունենալով երաժշտական եւ արուեստի հիմնարկի մը ստեղծումը: Սակայն ան, համապատասխան կրթութիւն ստանալէն ետք, իր գործի ասպարէզը սկսած է իբրեւ բժշկական ակնոց պատրաստող եւ վաճառող՝ Դամասկոսի կեդրոնական Համրա փողոցին վրայ հաստատուած իր մասնագիտացուած վաճառատան մէջ: Այդուհանդերձ, Վահէ Թէմիզճեան հոն կանգ չ’առներ, որովհետեւ անոր սիրտը լեցուած էր գրականութեան եւ արուեստի սիրով, յատկապէս հակում ունենալով դէպի երաժշտութիւնը: Վերջապէս, ան պիտի թեքէր արուեստներու կողմը. մինչ կը զբաղէր իր արհեստով, ան կը սկսի ժամանակ նուիրել ուսումնասիրելու համար յատկապէս երաժշտական արուեստին վերաբերող՝ իր ձեռքը հասած գիրքերն ու ձայնագրութիւնները, որոնք հիմքը պիտի կազմէին իբրեւ երաժշտագէտ ու քննադատ իր ձեւաւորման: Երաժշտական ընթերցումները ու ունկնդրութիւնները պիտի նպաստէին անոր երաժշտական գիտելիքներու եւ գեղարուեստական ճաշակի զարգացումին եւ մշակումին:
1970-ականներու կէսերուն Վահէ Թէմիզճեան լրջօրէն եւ հետաքրքրութեամբ կը սկսի խորանալ երաժշտական եւ գեղարուեստական պատմութեան ու քննադատութեան մէջ եւ կը սկսի հանդէս գալ իբրեւ թերթերու եւ ամսագիրներու քննադատ եւ գրող:
Արուեստի եւ երաժշտութեան քննադատութեան մարզը տակաւին չէր զարգացած սուրիական եւ արաբական մամուլին մէջ: Թէմիզճեան հետեւողականօրէն կը գրէր` թէ՛ համերգներու մասին, որոնց ներկայ կ’ըլլար, թէ՛ խնդրայառոյց երաժշտական թեմաներու վերաբերեալ: Ան ուշի ուշով կը հետեւէր իր յօդուածներուն վերաբերող արձագանգներուն, յատկապէս արուեստագէտներու շրջանակէն, եւ նկատի կ’առնէր զանոնք, բարելաւելու համար իր քննադատի գործունէութիւնը: Հետագային նոյն առարկայական մօտեցումը կը ցուցաբերէր իր զաւկին՝ երաժիշտ Ժան Յովհաննէսի յօրինած դասական ստեղծագործութիւններուն հանդէպ:
Վահէ Թէմիզճեան մեծ ներդրում ունեցած է Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի կազմութեան ու զարգացման գործին: Ան սկիզբէն լրջօրէն կը հետեւէր անոր ուղիին: Վահէ Թէմիզճեանի յամառ պնդումին շնորհիւ էր, որ 1993-ին, Սուրիական պատկերասփիւռը կը նկարահանէ նուագախումբին համերգները: Այնուհետեւ, Թէմիզճեան այդ նկարահանուած համերգներէն բաժիններ կ’ընդգրկէր իր պատրաստած երաժշտական հաղորդաշարերուն մէջ:
«Աշխարհի լեզուն» հաղորդաշարի հեղինակ Վահէ Թէմիզճեանի համոզումով, «երաժշտութիւնը բարձր արուեստ է, որ կ’արտայայտէ մեր խորքն ու խիղճը. շատ յաճախ ան կը խօսի մեր մասին եւ կ’արտայայտէ այն ինչ, որ մենք կը բաղձանք կամ որուն բացակայութեան կամ պատճառով՝ կը տառապինք…. երաժշտութիւնը աշխարհի լեզուն է, ժողովուրդներու ժառանգութիւնը, եւ իմ կարծիքս այն է, որ մենք պարտաւոր ենք պահպանելու մեր երաժշտական ժառանգութիւնը, ինչպէս մեր հնութիւնները: Ես գոհ չեմ այդ ժառանգութիւնը պահպանելու մեր ճիգերէն: Այսինքն, ըսել կ’ուզեմ, որ երաժշտութեան ժառանգը փրկելու եւ ապրեցնելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել զայն վաւերականօրէն եւ գիտական հիմքերու վրայ, ինչպէս օրինակ՝ վաստակաշատ երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի երգեցողութիւնը: Ապրեցնելու այլ հանգամանք մըն է այն, որ ժառանգութիւն մը փրկել կը նշանակէ չփակել անոր վերաստեղծագործելու դռները. այսինքն, երաժշտական ժառանգութեան հետ վարուելու եւ խօսելու համար, անհրաժեշտ է յատուկ իմացութիւն ունենալ»:
«Ես կը հպարտանամ, որ ես հայ եմ մօրենական եւ մեծ հօրս հօր կողմէ եւ կառչած մնալով հանդերձ իմ մշակոյթիս առանձնայատկութեան, միաժամանակ լայնախոհ կը մնամ լաւագոյն ժողովուրդներու մշակոյթներուն հանդէպ, ինչպէս մեր՝ սուրիական մշակոյթը». այսպէս կ’ըսէր մեծ երաժիշտը եւ յայտնի լրագրողը:
Ձայնասփիւռի ալիքներուն թէ պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ, Վահէ Թէմիզճեան ունէր պատկառելի ներկայութիւն, հաճելի ձայն, կատարեալ արաբերէնի գրաւիչ շնորհք, եւ այս էր պատուանունը անոր ստեղծագործ ինքնութեան եւ անհատականութեան:
«Աշխարհի լեզուն» պատկերասփիւռի հաղորդաշարով, Վահէ Թէմիզճեան կը ներկայացնէր բազմաթիւ երաժշտական գործեր, ըստ լաւապէս մտածուած ծրագիրի մը, աստիճանաբար զարգացնելով արաբական երաժշտական ճաշակն ու մշակոյթը: Միաժամանակ ան հետաքրքրուող զանգուածին կը տրամադրէր համապարփակ գիտելիքներ երաժշտութեան պատմութեան մասին: Չեն մոռցուիր այն պահերը, երբ ան կը մեկնաբանէր Անթոնիօ Վիվալտիի The Four Seasons երաժշտական գործին կամ Մոցարթի 40-րդ սիմֆոնիին կառոյցը, անոնց կապերը, պայմաններն ու առաւելութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ստեղծագործական յօրինուածքի կազմութեան բնոյթը: Վահէի յաջողութեան ամենավառ ապացոյցներէն մէկն ալ այն էր, որ անոր հեղինակային հաղորդաշարը ունէր շատ բարձր վարկանիշ եւ սուրիացի ակնդիրը անհամբեր կը սպասէր անոր սփռումին:
Թէմիզճեան հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններու եւ յօդուածներու, որոնք կ’անդրադառնան կարեւոր իմացական խնդիրներու:
Վահէ Թէմիզճեան ունէր երաժշտական մեծ գրադարան մը, որ կը զարդարէր իր տունը: Հոն ներառուած էին շատ հազուագիւտ, հնագոյն եւ նշանաւոր միջազգային երաժշտական սկաւառակներու նմոյշներ ու ձայնագրութիւններ, ինչպէս Վերտիի «Ռեքվիեմ»ին հազուագիւտ կրկնօրինակը:
Քննադատ եւ երաժշտութեան պատմաբան Վահէ Թէմիզճեան (1945-2011) Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի երաժշտագիտական մարզի ամենէն ակնառու դէմքերէն մէկն է: Ան մահացաւ Դամասկոսի մէջ, 66 տարեկանին: Ամէն տարուայ 24 Դեկտեմբերին, անոր մահուան տարելիցին կը յիշատակուի անոր մեծ աւանդը, որուն շնորհիւ Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի հանրութիւնը ծանօթացաւ համաշխարհային երաժշտութեան տիտաններու գլուխ-գործոցներուն, արաբական երաժշտական մշակոյթը հարստացաւ եւ անոր մակարդակը բարձրացաւ:
Շաքէ Մանկասարեան
Աղբիւրը՝ darperag21.net