Վենետիկի Դքսական Պալատին Մէջ Մատենադարանի Ձեռագիրներ Կը Ցուցադրուին
Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Վենետիկի Դքսական պալատը (Pallazo Ducale), ուր տեղի ունեցաւ Մարքօ Փօլոյին նուիրուած ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը։ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ նշանաւոր թանգարաններու ցուցանմուշներու կողքին կը ցուցադրուին նաեւ Մատենադարանի բարձրարժէք ձեռագիր մատեաններ:
Հայաստանին նուիրուած ցուցադրութեան գիտական խորհրդատու, Ֆլորանսի համալսարանի դասախօս, հայագէտ Զարուհի Պօղոսեան՝ Մատենադարանի, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մասնագէտներու համագործակցութեամբ ընտրած է ցուցադրուող նմուշները։
Ցուցահանդէսին նախորդ օրը տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կազմակերպիչները յատուկ կարեւորութիւն ընծայեցին Հայաստանի մասնակցութեան՝ անդրադառնալով նաեւ Արցախի պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն։
Նշենք, որ Հայաստանին յատկացուած ցուցասրահին մէջ ներկայացուած է նաեւ Արցախի մէջ գրչագրուած ձեռագիր մատեանը։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 29 Սեպտեմբեր։