Գիրքը տպուած է Երեւան, տպարան «Էտիթ Փրինթ», 21 Դեկտեմբեր 2021-ին, 204 էջ, արեւելահայերէն, սակայն Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:
Դեկտեմբերի վերջին շաբաթը Ֆէյսպուքին մէջ նկատեցի, որ Սաթենիկ Ծաղիկեանը գիրք մը գրած է ու զայն հրատարակած: «Մեր Սաթիկն է», ըսի մտքէս: Յայտնեմ, որ զինք ճանչնալէս 45 տարի ետք գիտցայ որ Ծաղիկեան է եւ Սաթենիկ: Մենք զինք միշտ ճանչցած ենք Գամպուրեան Սաթիկ: Շնորհաւորեցի զինք: Յաջորդ օրը գիրքը Երեւանէն ճամբայ ելաւ դէպի Նոր Զելանտա:
Սաթիկն ու իր ամուսինը՝ Տոքթ. Րաֆֆի Գամպուրեանը, իր սիրասուն աղջիկներուն՝ Անիին, Շաքէին եւ Արինին հետ ճանչցայ 1976-ի Յունուար 16ին: Ինչո՞ւ թուականը լաւ կը յիշեմ. որովհետեւ 14 Յունուարին Պէյրութէն Տուպայ գացի աշխատելու: Զիս դիմաւորեցին Զարեհ Հատտաճեանն ու վաղամեռիկ Հրայր Սողոմոնեանը: Երբ հարց տուի՝ «Հայեր կա՞ն», Հրայրը անմիջապէս ըսաւ. «Ուրբաթ քեզ կը տանիմ Տոքթոր Գամպուրեանենց եւ կը տեսնես, թէ ինչպիսի հայեր կան»: Եւ Ուրբաթ օր տարաւ: Ճիշդ բնորոշած էր: Աննման հայեր էին: Այդ օրուընէ սկսաւ մեր ընկերութիւնը տոքթորին եւ Սաթիկին հետ եւ գոյատեւեց մինչեւ օրս, հակառակ այն իրողութեան, որ տարիներ ֆիզիքապէս իրարմէ հեռացանք, իսկ տոքթորը հեռացաւ առ յաւէտ…:
Հակառակ մեր շաբաթական քանի մը անգամ փոխանակած մէսէճներուն, Սաթիկը բան մը չէր ըսած իր հրատարակելիք գիրքին մասին: Սակայն այդ երկրորդական է: Կարեւորն այն է, որ ինք ամբողջ անցեալ մը վերականգնած է ու վերակենդանացուցած այս 204 էջերով:
Գիրքէն կ’իմացուի, որ Սաթիկին խնդրանքին ընդառաջելով յուշագրութիւններ ըրած են եղբայրը՝ Ադիկը, քոյրերը՝ Գոհարը, Քնարիկը, Մարիամը եւ Գոհարին թոռնիկը՝ Արմինէն: Սաթիկը իր գիրքին մէջ 45 էջ տրամադրած է ընտանիքի անդամներուն յուշագրութեանց, որոնց ոճը նոյն իր ոճն է. զանոնք վերստին գրի առած է ոճային միօրինակութիւն պահելու համար:
Ադիկի յուշերուն մէջ կը ծանօթանանք Ծաղիկեաններու արմատներուն. հօր գաղթը՝ Պարսկաստանէն Խարքով, Ուքրանիա եւ տարիներ ետք Խարքովէն վերադարձ՝ Պարսկաստան, նոր կեանք, դժուարութիւններ, չարքաշ հայու ճակատագիր: Հետաքրքրական պատմութիւն մը կայ այս բաժինին մէջ, ուր Ադիկ կը պատմէ, թէ ինչպէս Եղիազարեանէ Ծաղիկեանի կը վերածուի իրենց մականունը: Խօսքը տանք Ադիկին. «… Այստեղ պէտք է նշեմ որ մենք Ծաղիկեաններս ութ քոյր եղբայր ենք, մեր ազգանունը հայրս է ընտրել, երբ հասել են [Խարքովէն] Պարսկաստան անձնագիր ստանալու համար, հայրս իրեն ներկայացրել է Եղիազարեան, որը չի ընդունուել պետական մարմինների կողմից տրամաբանելով որ նոյն ազգանունից արդէն գրանցուել է, (այդ ժամանակ այդպիսի օրէնք է եղել) առաջարկել է Մարգարեան, դա եւս նոյն պատճառով չի ընդունուել, ուստի իր մեծ հօր անունը (Գիւլում), թարգմանելով Հայերէնի, գրանցուել է Ծաղիկեան, որի համար բոլորս ալ շատ գոհ ենք»:
Այդ օրերուն պաշտօնեայ մը ինչպիսի իրաւասութիւններ ունէր… այսօր զարմանալի կը թուի:
Քնարիկ իր մանկութեան շատ կարճ յուշերուն մէջ բաւական բան կը պատմէ իր մեծ մօր (մօր մայրը՝ Սաթենիկ կամ Կուկու մամա) մասին: Ոչինչ գրուած կայ Սաթիկին մասին, որովհետեւ ան տակաւին չէր ծնած երբ Քնարիկը 18 տարեկան էր արդէն:
Սաթիկ ամփոփած է Գոհարի յուշերը, ուր բաւական դաստիարակչական եւ զգացական նիւթեր կայ, տպաւորութիւններ, որոնք իրենց դերն ու ազդեցութիւնը ունեցած են իր կեանքին մէջ, Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ալ ետք: Գոհարը 13 տարի մեծ է Սաթիկէն:
Մարիամը մանրամասնութեամբ կը խօսի հայրենի օճախին, հօր՝ Գարեգինին եւ մօր՝ Վարդանուշին մասին, երկուքն ալ մեծ հայրենասէրներ, զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը վեր դրած ամէն ինչէ, երբ Պարսկաստանի մէջ պետութիւնը արգիլած էր հայկական միջնակարգ վարժարաններու գոյութիւնը: Մարիամը Սաթիկէն 4 տարիով մեծ է, Մարգարին հետ՝ երկուորեակ:
Արմինէն, Գոհարին դուստրը, հետաքրքրական դրուագ մը կը պատմէ մեծ հայրիկ Գարեգինին մասին: Մեծ հայրը մանուկ Արմինէին սորվեցուցած է ինչպէս «առանց մատիտը թղթից վերցնելու գծել մի բացած ծրար եւ մի կլոր շրջան, մէջտեղում մի կէտ»: Եւ Արմինէն, 31 տարիքին երբ համալսարանի ուսանող էր, դասախօսը հարցուցած է, թէ ով կրնար վերի նշուածները գծել, ինք միակը եղած է գիտցող…
Սաթիկ ի՛նք կրնար պատմել իր ընտանիքի անդամներուն անցեալին մասին, սակայն նախընտրած է, որ անո՛նք խօսին եւ այսպիսով յաջողած է պահել հարազատութիւնը: Պատմութիւնը թարմ է այս ձեւով: Ինչպէս ըսինք, դրուագներ պատմելու ոճային միօրինակութիւնը կրցած է պահել:
Սաթիկի կեանքը նուիրուածութեան եւ համբերատարութեան նմուշ մըն է: Զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ, որ գիրքին կողքին վերջին էջին վրայ հետեւեալ խորիմաստ երկու տողը գրուած է իր կողմէն . «Նուիրուած եւ համբերատար ծնողների զաւակները վայելում են կեանքի երջանկութեան բուրմունքը»: Այս հաստատումը կը վերաբերի իր ծնողներուն եւ իրեն ու ամուսինին, բայց յատկապէս իրեն: Կեանքին հազիւ բացուած՝ ամուսնութիւն, զաւակներ, թշուառութիւն ու նեղութիւններ, սակայն ասոնք բոլորը ժպիտով կը դիմաւորէ Սաթիկ: Ափսոսանքներ կան, սակայն հակիրճ են եւ կտրուկ:
Սաթիկը եւ իր պատմուածքները լաւատեսութեան նմուշներ են: Իր լաւատեսութիւնը գաղտնիք չէր ինծի համար, սակայն իր տառապանքներուն մասին ոչինչ գիտէի: Զինք հետաքրքրողը միշտ ուրախ աւարտն էր, այդ ալ կարմիր թելի նման կ’երեւի իր յուշերուն մէջ:
Այս գիրքը վէպի պէս կարդացուող, կեանքերու իրական պատմութիւններու շարք մըն է: Երբ կարդաք, կը կարծէք թէ ձերն է այդ պատմութիւնը, որովհետեւ Սաթիկը կարողացած է ընթերցողին սիրցնել իր ապրած կեանքին իւրաքանչիւր հանգրուանը, այդ ըլլայ դառն կամ քաղցր: Հազիւ ընթերցողը սկսի գթալ իր վրայ իր դժուարութիւններուն եւ տառապանքներուն համար, երբ ահա՝ ինք ճարը գտած է եւ իր հոգեկան թէ մարմնային վէրքերը սպիացուցած: «Գործնական Լաւատեսութիւն» ալ կարելի է վերնագրել այս գիրքը:
Գիրքը միայն ընտանիքի մը չոր պատմութիւնը չէ: Սաթիկ, ի միջի այլոց, ընթերցողը կը ծանօթացնէ բազում անձերու եւ դէպքերու: Հոն կը ծանօթանանք քրիստոնեայ պարսիկներու, Էմիրութեանց կարգ մը շէյխերու, Գարեգին Ա Վեհափառին, CNN-ի Քրիսթիան Ամանփուրին, պարսիկ բարձրաստիճան անձնաւորութեանց եւ տասնեակ այլ անձերու, որոնց հետ շփում ունեցած են Տէր եւ Տիկին Գամպուրեանները: Սաթիկ առիթ չի փախցներ լոյս սփռելու ազգային կեանքին վրայ բոլոր այն քաղաքներուն մէջ, ուր ինք ապրած է՝ Փերիա, Սանանդաջ, Մաքու, Ուրմի, Շիրազ, Թեհրան, Տուպայ եւ Շարժա: Իրենց ընտանեկան բոլոր պատասխանատուութեանց առնթեր, իրենց բնակավայրերուն մէջ հայկական վարժարաններու չգոյութիւնը զիրենք մէկ քայլ իսկ ետ չէ պահած հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իրենց զաւակներուն: Ի միջի այլոց, ես վկաներէն եմ այդ հանգամանքներուն: 1980-ին երբ Շարժայի մէջ հայկական միօրեայ վարժարան բացուեցաւ, Սաթիկը այդ վարժարանին առաջին տնօրինուհին էր, իսկ աղջիկները, դեռ պարմանուհի-երիտասարդ, իրենք միջնակարգի ուսանողներ, սիրուած ուսուցչուհիներ էին այդ վարժարանին, հայերէն կը ջամբէին մեր երեխաներուն, առանց հայկական վարժարան յաճախած ըլլալու:
Անուններ, մանաւանդ մականուններ յիշատակելուն մէջ Սաթիկ քիչ մը ժլատ գտնուած է: Օրինակ, թէ իրենք Գամպուրեան են՝ այդ ոչ մէկ տեղ կը կարդանք: Ամուսինին՝ Ռաֆֆիկին առաջին ծանօթացման մասին խօսած ատեն իսկ զինք մեզի որպէս Ռաֆֆիկ կը ներկայացնէ: Կէսուրին մասին յաճախ կը խօսի, բայց Տիկին Մարիամ ըլլալը Սաթիկը ճանչցողները գիտեն միայն: Սակայն այս ալ իր համը ունի, մտերմութեան բնական դրսեւորում է եւ ապտակ՝ պաշտօնականութեան:
Չեմ գիտեր, թէ ինչ է գիրքին տպաքանակը, ոչինչ տեղեկացուած է գիրքին մէջ, սակայն կը կարծեմ, թէ բաւականաչափ պէտք է տպուած ըլլայ: Կը քաջալերեմ կարդալ զայն: Գիրքին բովանդակութիւնը ուսանելի շատ բան կը պարունակէ իր խորութեամբ, միեւնոյն ատեն ընթերցողին կը թուի որպէս ժամանց: Այս ալ Սաթիկին թաքնուած տաղանդն է:
Նշան Պասմաճեան
Օքլանտ – Նոր Զելանտա
23 Յունուար 2022