Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Նիւթեր Բաժնուեցան Առաւել Քան 3 Միլիոն Ուսուցիչներու
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին առիթով, Միացեալ Նահանգներու Ազգային կրթութեան միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման տպագիր եւ թուային նիւթեր բաժնեց առաւել քան 3 միլիոն ուսուցիչներու։
Յիշեցնենք, թէ Յուլիս 2021ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական բաժանմունքէն եւ Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու միութեան պատուիրակ Թալին Արսէնեանի ջանքերով, Ազգային կրթութեան միութիւնը բանաձեւ մը վաւերացուց, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը քաջալերելու նպատակով։ Այս քայլը բանաձեւին գործնական առաջին քայլը կը հանդիսանայ։