Քաթիա Գարակէօզեանի «Արգիլեալ Հայրենիք» Գիրքին Գինեձօնը՝ Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանին Մէջ

Հատորը հեղինակին ընտանեկան հետաքրքրական պատմութեան ընդմէջէն նոր լոյս կը սփռէ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայկական Հարցին եւ թէ Արցախի տագնապին վրայ։
Քաթիա Գարակէօզեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն դոկտորի կոչում ստացած է դեղագործութեան մասնագիտութեան մէջ եւ իր ասպարէզին կողքին, գործօն մասնակցող մըն է համայնքին գործունէութեան։
Անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ ձեռնարկին կրնան տեղեր ապահովել՝ դիմելով ktkauthor@gmail.com հասցէին։
Նշենք, որ հատորը կը ծախուի amazon.com կայքին վրայ, շրջանիս «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ» գրախանութներուն մէջ։