«Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի նեցուկով Հայկական Տաղաւար Լոնտոնի միջազգային ցուցահանդէսին
«Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ը աշխուժօրէն կը շարունակէ իր նեցուկը ցոյց տալ կիզակէտ դարձնելով Արեւմտահայերէնը եւ Արեւմտահայերէնով ստեղծուած հրատարակութիւնները տարածելու կարեւոր առաքելութիւնը։
Այս ծիրէն ներս եւ նեցուկովը «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օրերս Լոնտոնի գիրքի միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառին տեղ յատկացուած է նաեւ Համազգայինի Պէյրութի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատանը։
Այս մասին գրառում մը կատարած է «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն ՝Տիար Յակոբ Հաւաթեան եւ զայն կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։
5, 6 եւ 7 Ապրիլ-ին, Լոնտոնի «Օլիմփիա» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային գիրքի տօնավաճառը, որ գիրքի եւ գրահրատարակութեան ամէնէն հին ու ճանչուած փառատօներէն է եւ հիմնուած է 1971-ին։ Այս տարի, «Գ․ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ տօնավաճառին մէջ հաստատուած է հայկական տաղաւարը, որուն դարձեալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, գործակցութեամբ Համազգայինի Լոնտոնի մասնաճիւղին։ Տաղաւարին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու գործեր։ Համազգայինի հրատարակչատունը այս ցուցահանդէսին կը մասնակցի հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով։ Նախատեսուած են նոր հրատարակութիւներու ներկայացումներ։
8 Ապրիլին, Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղւուոյն համայնքին համար, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, յատուկ ձեռնարկով մը պիտի ներկայացուին տաղաւարի մէջ ցուցադրուող բոլոր հրատարակութիւնները։