15-ամեայ Լեւոն Ալիանաքեան անվճար գրատնակներ կը տեղադրէ Հայաստանի մէջ

ԱՄՆ ծնած 15 տարեկան Լեւոն Ալիանաքեանին նախաձեռնութեամբ անվճար գրատնակներ տեղադրուած են Վէտիի, Գիւմրիի ու Շիրակի մարզի գիւղական բնակավայրերուն մէջ: Ամէն մարդ կրնայ է օգտուիլ գրատնակներէն՝ վերցնելով նախընտրած գիրքը, ընթերցելով ու տեղադրելով զայն՝ նոյն կամ մէկ այլ գրատնակի մէջ։
Լեւոնին նպատակն է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող «Little Free Library»-ներու մշակոյթը տարածել նաեւ Հայաստանի մէջ՝ խրախուսելով գիրքերու փոխանակումը եւ ընթերցանութիւնը։
«Գաղափարը ծնաւ, երբ փոքր անվճար գրատնակ մը տեսայ մեր տան մօտ՝ Լակունա Հիլզ՝ Գալիֆորնիոյ մէջ: Ես գիրք մը վերցուցի ու մտածեցի, որ լաւ գաղափար է, որ կարելի է իրականացնել Հայաստանի մէջ, յատկապէս՝ մարզերուն մէջ, ուր գիրքերը սուղ են, գրադարանները՝ քիչ: Ասորմով կ՚ուզեմ, որ Հայաստանի մէջ, երիտասարդները կարդալու ու կրթուելու հնարաւորութիւն ունենան: Գրադարանները հասանելի ըլլան բոլորին», ըսած է Լեւոնը՝ տեղեկացնելով, որ նախաձեռնութիւնը սկսած են Վէտիէն, ուր 7 գրատնակ տեղադրած են, ապա տեղափոխուած են Շիրակի մարզ՝ նախ մարզկեդրոն Գիւմրի, ապա՝ Շիրակի մարզի գիւղական համայնքները:
«Շատերը տունը գիրքեր ունին, որոնք արդէն կարդացել են: Անոնք կրնան բերել՝ տեղադրել գրատնակին մէջ, փոխարէնը այլ գիրք վերցնել՝ ընթերցելու համար: Յոյսով ենք, որ այն կը ծառայէ իր նպատակին՝ գրատնակները կը հարստանան նոր գիրքերով եւ կ՚ունենան շատ ընթերցողներ: Կը կարծեմ, եթէ մարդը սիրեց այս գրատնակը, կրնայ 10 կամ 20 գիրք բերել: Յոյս ունիմ, որ գրատնակները միշտ լեցուն կ՚ըլլան »,- նշեց Լեւոնը:
15 տարեկան պատանին պարբերաբար է Հայաստան կ՚այցելէ:
«Ճամբորդելն ու աշխարհագրութիւնը շատ կը սիրեմ։ 45 երկիրներ այցելած եմ:
Այս իմ 12-րդ այցն է Հայաստան: Այս այցելութիւններուն ընթացքին եղած եմ գիւղերը ու շատ հաւնած եմ: Կարդալ ալ շատ կը սիրեմ, յատկապէս՝ պատմական, աշխարհագրական գիրքեր: Ի հարկէ, գեղարուեստական գրականութիւն եւս կը կարդամ։ Սիրած հեղինակս Սարոյեանն է »,- կ՚ըսէ Լեւոնը:
Գրատնակի գիրքերը տարբեր են՝ գեղարուեստական, գիտական, մասնագիտական, հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն՝ նայած, թէ ինչ կառոյցի մօտ տեղադրուած է գրատնակը:
Լեւոնին նախաձեռնութեան յաջորդ կանգառը Լոռին է: Ընդհանուր առմամբ, Արարատի, Լոռիի ու Շիրակի մարզերուն մէջ նախատեսուած է 30 գրատնակ, որոնցմէ 23-ը արդէն տեղադրուած են:
Անվճար գրատնակներու գաղափարը Հայաստանի մէջ կեանքի կոչելու համար ստեղծուած է ֆոնտ մը։ Իւրաքանչիւր գրատնակ զինք հովանաւորող ընտանիքն ունի: Տեղադրուած գրատնակին ու անոր «ճակատագիրին»՝ տեղադրման վայրին, գիւղին, քաղաքին, կառոյցին մասին տեղեկութիւնը Լեւոնն ու իր մայրը կը փոխանցեն հովանաւորներուն։ Եթէ կը փափաքին՝ հովանաւորները կրնան Հայաստան գալ ու տեսնել այդ նորոգուած գրատնակները:
Նիւթը՝ Արմենուհի Մխոյեանի, «Արմէնփրէս»