«Զարմանազան 2023»

2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»ը՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանին մէջ, 11 Յուլիսէն 6 Օգոստոս։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։
«Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի մանուկները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն փոխկապակցուած են.
– 10էն 17 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
– 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
– Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը։
Մանուկները, պատանիները եւ երիտասարդները՝ ըստ իրենց տարիքին կամ խառն տարիքներու պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու, ինչպէս՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։
Բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ եւ տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։
Երիտասարդներու խումբին մասնակցողները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։
Այս երկու ծրագիրներուն մասնակցողներուն թիւը սահմանափակ է։ Դիմումներուն ժամկէտը՝ 14 Փետրուար, Կրինիչի միջին ժամով 23ին է։ Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտը։ Դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք www.zarmanazan.com կայքը։
Գալով Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին՝ մէկ մասը տեղի կ՛ունենայ «Զարմանազան»ի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց՝ տարուան ընթացքին եւ կ՛աւարտի «Ինալքօ»ի (INALCO, Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՛առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչներ կարելի է ընդունիլ։ Ծրագիրին եւ դիմումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով։
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը հաստատուած է 2017ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը։ Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք կայքէջը, բաժանորդագրուեցէք բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեզի՝ կայքէջին վրայ։