Առնօ Պապաճանեան – 100 Ամեակ
Յունուար 27ին Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ օրը Պապաճանեանական էր, նոր տարուայ առաջին միջոցառումը նուիրուած էր մեծանուն հայ երգահան, դաշնակահար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արթիսթ, պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Պապաճանեանի ծննդեան 100 ամեակին:
Գրադարանի «վերնատուն» սրահը կը բուրեր Առնօ Պապաճանեան բազմատաղանդ երաժիշտի կախարդական մեղեդիներու եւ հոգեպարար երգերու շունչով: Սրահին մէջ շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուած էր Պապաճանեանական գրականութեան ցուցադրութիւնը: Մեծ երգահանն ու դաշնակահարը սերունդներուն ձգած է բոլոր ժամանակներուն ապրող, մարդկային զգացումներուն վրայ ազդող ստեղծագործութիւններ, որոնք երբեք չեն մոռցուիր: Միջոցառման աւարտին ներկաներուն՝ Պապաճանեանական արուեստի երկրպագուներուն, Կիւմրիի պետական երաժշտանոցի քոլէճի դասատուներուն, ուսանողներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց գրադարանի փոխ տնօրէնը, որ իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ արուեստով, մշակոյթով ինչպէս նաեւ Պապաճանեանական երաժշտութեամբ կը կարողանանք յաղթահարել մեր ազգի համար դժուար այս ժամանակահատուածը: